Լրագրող Թիլ Պրուքնըր հետաքննական ծաւալուն յօդուած գրած է, թէ ինչպէս Ատրպէյճան իր հսկայական նաւթատոլարները կու տայ քաղաքական գործիչներուն, գործարարներուն եւ համալսարաններուն: Նոյնիսկ յայտնի անհատներն ու հաստատութիւնները իրենք զիրենք կը ծախեն, երբ հսկայական գումարներ կը թափին իրենց վրայ։ Պրուքնըրի՝ «Կաշառակերստան Ատրպէյճան. ինչպէս դառնալ թաքուն լոպիիստ ատրպէյճանական ոճով» վերնագրով յօդուածը տեղադրուած է «Կազմակերպուած յանցանքի եւ կաշառակերութեան լուսաբանման նախագիծի (OCCRP)» կայքին մէջ։
Յօդուածին մէջ ըսուած է. «Պրենտա Շեֆըրի՝ գիտնականի եւ ուժանիւթային քաղաքականութեան յաճախ յիշատակուող փորձագէտի վերելքը ցոյց կու տայ, թէ որքան խոցելի է ամերիկեան արտաքին քաղաքական կառոյցը օտարերկրեայ գործակալներու կողմէ շահարկումներու նկատմամբ: Օտար վարչակարգի եւ բացայայտ ու գաղտնի լոպիիստներու բազմազան ցանցի աջակցութեամբ՝ ան նաւթային դրամները օգտագործած է իր գիտական համբաւը բարձրացնելու համար, այնուհետեւ, իր հերթին, այդ հեղինակութիւնը օգտագործել յառաջ մղելու Ատրպէյճանի օրակարգը՝ Քոնկրեսի վկայութիւններու, թերթերու
տասնեակ յօդուածներու եւ լրատուական միջոցներու մէջ ելոյթներու, անհամար վերլուծական/ուղեղային միջոցառումներու եւ նոյնիսկ գիտական հրապարակումներու միջոցով։ Ու դեռ կը շարունակէ այդ ընել»:
2001ին, Ներկայացուցիչներու պալատի արտաքին յարաբերութիւններու յանձնախումբին վկայութիւն տալով՝ Շեֆըր ներկայացուած է իբրեւ «Կասպեան ուսումնասիրութիւններու ծրագիրի տնօրէն եւ գիտութեան ու միջազգային յարաբերութիւններու Պելֆըրթի (Պելֆըր) կեդրոնի Միջազգային ապահովութեան ծրագիրի ասպիրանթ Հարվըրտի Քենետիի անուան կառավարման դպրոցին մէջ»։
Իր ելոյթին մէջ Շեֆըր Քոնկրեսէն խնդրած է չեղեալ համարել Ազատութեան աջակցութեան գործողութեան 907րդ բաժինը, որ կ՛արգիլէ ամերիկեան ուղղակի օգնութիւնը Ատրպէյճանի կառավարութեան: Քոնկրեսի անդամները չէին գիտեր, որ «Կասպեան ուսումնասիրութիւններու ծրագիրը, զոր ան կը ղեկավարէր Հարվըրտի մէջ, ստեղծուած է 1999ին, Ատրպէյճանի Առեւտուրի պալատի եւ նաւթակազային ընկերութիւններու համախմբման՝ Exxon-ի, Mobil-ի եւ Chevron-ի կողմէ, 1 միլիոն տոլար դրամաշնորհով, եւ որ բոլորն ալ առեւտրային շահեր ունէին տարածաշրջանի մէջ։ Առեւտուրի պալատը ատրպէյճանամէտ ազդեցութեան խումբ է, որուն տնօրէններու խորհուրդի կազմին մէջ ընդգրկուած են SOCAR-ի փոխ նախագահը, ատրպէյճանական պետական ուժանիւթային ընկերութիւնը, ինչպէս նաեւ BP-ի եւ Chevron-ի յառաջատար լոպիիստները»:
1999ին, պալատը մամլոյ հաղորդագրութիւն տարածած է՝ նշելով, որ Կասպեան ուսումնասիրութիւններու ծրագիրին նպատակն է «օգնել ձեւաւորելու իրազեկ քաղաքականութիւն» Ատրպէյճանի մասին։ Քենետիի կառավարման դպրոցը իր մամլոյ հաղորդագրութեան մէջ յայտարարած է, որ Հարվըրտի Պելֆըրի գիտութեան եւ միջազգային յարաբերութիւններու կեդրոնի տնօրէն Կրեհեմ Թ. Ալիսըն եւ նախագահ Իլհամ Ալիեւ, որ այդ օրերուն Ատրպէյճանի SOCAR նաւթային ընկերութեան առաջին փոխ նախագահն էր, ելոյթ կ՛ունենան ատոր անդրանիկ համաժողովին մէջ։
2000ին, այդ օրերու նախագահ Հէյտար Ալիեւ մասնակցած է Ատրպէյճանի Առեւտուրի պալատի միջոցառման` ըսելով հիւրերուն. «Կ՛ողջունեմ բացումը Հարվըրտի համալսարանի նոր ամպիոնին, որ կը վերաբերի Ատրպէյճանի եւ Կասպեան տարածաշրջանին: Շնորհակալ եմ ամերիկա-ատրպէյճանական Առեւտուրի պալատի կողմէ ցուցաբերուող օգնութեան համար»։ Պաշտպանութեան նախարարի նախկին օգնական եւ Հարվըրտի Քենետիի դպրոցի պատասխանատու Էլիսըն հեռացուած էր պալատի հոգաբարձուներու խորհուրդի կազմէն, այն բանէն ետք, երբ OCCRP մատնանշած էր անոր անունը:
OCCRP բազմիցս խնդրած է պալատէն՝ իր ֆինանսական հաշուետուութիւններուն պատճէնները, սակայն պալատը զանոնք չէ տրամադրած, բան մը, որ անօրինական է:
Պալատը նշած է այնպիսի նշանաւոր դէմքերու, ինչպէս՝ «Հենրի Քիսինճըր, Զպիկնիեւ Պժեզինսքի, Ճէյմզ Ա. Պէյքըր Երրորդ, Պրենթ Սքոքրոֆթ եւ Ճոն Սընունու» իբրեւ իր «Խորհրդականներու պատուաւոր խորհուրդի» անդամներ։
Շեֆըր «ղեկավարած է Կասպեան ուսումնասիրութիւններու ծրագիրը մինչեւ 2005: Իր պաշտօնավարման ընթացքին, ան գրած է 14 կարծիքի յօդուածներ ԱՄՆ-ի եւ Իսրայէլի յառաջատար թերթերու համար, ներառեալ International Herald Tribune-ը եւ Jerusalem Post-ը՝ շատ յօդուածներու մէջ կոչ ընելով ամերիկեան քաղաքականութիւն մշակողներուն՝ աւելի մեծ ուշադրութիւն դարձնել տարածաշրջանի վրայ: Ատոնցմէ մէկուն մէջ յորդորած է ԱՄՆ-ի՝ դադրեցնել վիճելի Լեռնային Ղարաբաղի ֆինանսաւորումը»։ Մայիս 2006ին, լրագրող եւ լոպիիստական հարցերով փորձագէտ Քեն Սիլվըրսթըն Harper’s Magazine-ի մէջ գրած է «Վարձու ակադեմիկոսներ» վերնագիրով յօդուած մը՝ մեղադրելով յայտնի ակադեմիկոսները «(Կասպեան) տարածաշրջանի ղեկավարներու անունէն մտային լարախաղացութեան համար»։ Ան առանձնայատուկ կոշտ քննադատութեան ենթարկած է Շեֆըրը։
Սիլվըրսթըն մեղադրած է Հարվըրտի Կասպեան ուսումնասիրութիւններու ծրագիրը «մտաւորական ամբողջականութեան» բացակայութեան մէջ՝ ընդգծելով ատոր կապը Ատրպէյճանի Առեւտուրի պալատին հետ եւ մասնաւորապէս նշած է «2001 թուականի Շեֆըրի խնդրանքը Քոնկրեսին՝ ջնջել Ատրպէյճանի դէմ պատժամիջոցները»։
Սիլվըրսթըն իր յօդուածին մէջ նախազգուշացուցած է. «Զգուշացէ՛ք կասպեան դիտորդներ. յաջորդ անգամ, երբ կը տեսնէք կամ կը լսէք «անկախ» ամերիկացի փորձագէտի խօսքը այն մասին, թէ ինչպէ՛ս տարածաշրջանի ղեկավարները համարձակ բարեփոխումներ կ՛իրականացնեն, ստուգեցէք այդ փորձագէտին վկայագիրները, որպէսզի տեսնէք, թէ արդեօք ան իրականութեան մէջ անկախ է»։
Պրուքնըրը գրած է՝ յաջորդ ամիս ««International Herald Tribune» հրապարակեց Շեֆըրի երրորդ յօդուածը, որ կը վերաբերէր Իրանի ցեղային ատրպէյճանցիներուն եւ այլ փոքրամասնութիւններու»: Այդ ժամանակէն ի վեր Սիլվըրսթըն զայն անուանեց «վարձու ակադեմիկոս, որուն պաշտօնը սնած է ատրպէյճանական լոպիիստական կազմակերպութիւններու եւ արեւմտեան նաւթային ընկերութիւններու կողմէ, որոնք ներդրումներ կատարած են Ատրպէյճանի մէջ»:
Պրուքնըր բողոքած է New York Times-ի, Washington Post-ի, Reuters-ի, Bloomberg-ի, Foreign Affairs Journal-ի եւ Wall Street Journal-ի խմբագիրներուն՝ Շեֆըրի յօդուածները հրապարակելնուն համար՝ առանց բացայայտելու անոր կապերը Ատրպէյճանի հետ:
Շեֆըր նաեւ յաճախ մասնակցած է վերլուծական կեդրոններու խմբային քննարկումներուն: 2013ին, Ատրպէյճանի նախագահական կեղծ ընտրութիւններէն երկու օր անց, Շեֆըր ելոյթ ունեցաւ Քարնեկի հիմնադրամին մէջ` գովաբանելով ճնշող երկրին «աշխոյժ մամուլը», անոր քաղաքական բուռն բանավէճերը եւ «իրատես» ընտրողները...
Դեկտեմբեր 2014ին, Շեֆըր յայտնուեցաւ հեռատեսիլային պաստառներուն Fox Business-ի եւ Al Jazeera America-ի միջոցով եւ տպագիր մեկնաբանութիւն տուաւ ուժանիւթային հարցերու մասին Jerusalem Post-ի, London Times-ի, The Australian-ի, NPR-ի եւ Foreign Policy ամսագիրի միջոցով: (Միայն քանի մը շաբաթ առաջ Foreign Policy ամսագիրը հրապարակած էր մէկ այլ հեղինակի յօդուածը Ատրպէյճանի լոպիիստական ջանքերուն մասին, ուր կը նշուէր Շեֆըրի կապը SOCAR-ի հետ»), գրած է Պրուքնըր։
Ամօթալի է, որ վերլուծական կեդրոնները, համալսարաններն ու քաղաքական գործիչները պատրաստակամօրէն կ՛ընդունին Ատրպէյճանի առաջարկած գումարները, ատով իսկ խրախուսելով ճնշող վարչակարգին շարունակել մեծ գումարներ տալ՝ քողարկելու համար մարդկային իրաւունքներու խախտումները։
Յարութ Սասունեան
«Քալիֆորնիա Քուրիըր» թերթի հրատարակիչ
www.TheCaliforniaCourier.com
Արեւելահայերէնի թարգմանեց՝ Ռուզաննա Աւագեան
Արեւմտահայերէնի վերածեց՝ Սեդա Գրիգորեան