image

Երանելի չե՞ն Հալէպահայերը

Երանելի չե՞ն Հալէպահայերը

Հալէպի մէջ իրենց կեանքը շարունակող մեր հայրենակիցները կը շարունակեն ուշադրութեան կեդրոնը դառնալ իրենց հոգեւոր պետերուն եւ այն ալ ամենաբարձր մակարդակի վրայ։ 

Սագօ Արեանի դիմատետրեան էջէն կը կարդանք՝ 

Մեր օրերուն  Հալէպահայերը պէտք համարել երանելի։  Ճիշդ է,  որ պատերազմի  բեռը ծանր էր  ու անոր հետեւանքները  կը շարունակուին, բայց եւ այնպէս Հալէպի մէջ    իրենց կեանքը   շարունակող  մեր հայրենակիցները կը շարունակեն  ուշադրութեան կեդրոնը դառնալ   իրենց    հոգեւոր  պետերուն եւ այն ալ  ամենաբարձր մակարդակի վրայ։ 

Խօսքիս   ապացոյցը այս օրերուն Հալէպի մէջ  բացուած   է ՝  «Երիտասարդաց Վերականգնումի Կեդրոն»ը, որուն իրականացման առընթեր ամեհի  ճիգեր իրականացուցած է  Սուրիոյ  Հայ Աւետարանական Համայնքի  պետ՝ համայնքապետ Վեր.  Դոկտ. Յարութիւն Սելիմեան։

Վարձքը կատար սիրելի Վերապատուելիին, որուն «Սպիտակ Ձեռքեր»ուն մասին տարբեր առիթներով եւ իմ բոլոր հարթակներով արտայայտուած եմ։

Ստորեւ լուրը՝ 

Կիրակի, 5 Հոկտեմբեր 2025-ին, Սուրիոյ Հայ Աւետարանական Համայնքի Պետ Վեր. Դոկտ. Յարութիւն Սելիմեանի նախաձեռնութեամբ, համագործակցութեամբ Kerk in Actie-ի ներդրումով եւ Միջին Արեւելքի Եկեղեցիներու Խորհուրդի (MECC)-ի կազմակերպութեամբ նորաստեղծ Երիտասարդաց Վերականգնումի Կեդրոնի բացումը տեղի ունեցաւ, Հալէպ Գոլէճ Աղջկանց Բաժինէն ներս։ 

Սոյն բացումին ներկայ էին Սուրիոյ Հայ Աւետարանական Համայնքի Պետ Վեր. Դոկտ. Յարութիւն Սելիմեան, Սուրիոյ Հայ Աւետարանական Համայնքի մարմիններու ներկայացուցիչներ եւ Ք.Ջ. երիտասարդներ։

Բացման խօսքով հանդէս եկաւ Տիկ. Լուսին Ապաճեան-Չիլաբոշեան։ Ան ողջունեց ներկաները եւ յիշեց հաւաքին նպատակը։

Այնուհետեւ օրուան խորհուրդը փոխանցեց Սուրիոյ Հայ Աւետ. Համայնքի Պետ Վեր. Դոկտ. Յարութիւն Սելիմեան։ Ան յայտնեց, որ կեդրոնը կը գործէ նպատակ ունենալով տրամադրելու անվտանգ եւ աջակցող միջավայր, ուր երիտասարդները պիտի կարենան զարգացնել նոր հմտութիւններ, ստանալ հոգեբանական եւ մասնագիտական աջակցութիւն եւ քայլ առ քայլ կառուցել իրենց կեանքի նոր ուղին։

Վերապատուելին աւելցուց, որ այս նախաձեռնութիւնը կը ներկայացնէ կարեւոր եւ գործնական քայլ մը՝ աջակցելու երիտասարդներուն իրենց մարտահրաւէրներուն մէջ եւ նպաստելու անոնց ներուժի բացայայտումին։

Այնուհետեւ շնորհակալական աղօթք մատուց Պատուելի Սիմոն Տէր Սահակեան։

Կեդրոնի անուանումը կրող սալիկի վարագոյրի բացումէն ետք ներկաները շրջեցան կեդրոնը, որմէ ետք տեղի ունեցաւ կոկիկ հիւրասիրութիւն։