Էշրէֆիէ, Երեքշաթի, 9 Սեպտեմբեր 2025-ին, Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց Ն.Ա.Գ.Տ.Տ. Ռաֆայէլ-Պետրոս ԻԱ. Կաթողիկոս-Պատրիարքին տնօրինումով՝ Լիբանանի Հ. Կ. Պատրիարքական Թեմին Հաղորդակցութեան եւ Լրատուութեան Գրասենեակը կը հրապարակէ այս պաշտօնական յայտարարուլթիւնը:
Վատիկան, Կիրակի, 19 Հոկտեմբեր 2025-ին «Ս. Պետրոս» հրապարակին վրայ տեղի ունենալիք 1915-ի Հայոց Ցեղասպանութեան Նահատակին՝ Երանելի Իգնատիոս Մալոյեանի սրբադասումին հոգեպարար արարողութիւններուն մասնակցիլ փափաքողներուն համար, Հ. Կ. Պատրիարքարանը որոշած է այս հեռաձայնի թիւերը՝ (961) 81-495-852, (961) 76-788-225 եւ (961) 70-267-909:
Մենք կը հաստատենք, որ տեղերը տրամադրելի են բոլորին, եւ կը շարունակուին կազմակերպչական աշխատանքները: Մենք կը սպասենք ձեր մասնակցութեան այս եկեղեցական պատմական իրադարձութեան, որ պիտի հրճուեցնէ մեր հայատրոփ սրտերը:
Մենք կը փափաքինք հետաքրքրուողներուն ուշադրութիւնը հրաւիրել, որ այլ հեռախօսահամարներ չեն պատկանիր կազմակերպիչ մարմինին: Հետեւաբար, կը խնդրենք բոլորէն, որ օգտագործեն միայն վերը նշուած համարները։
Լուրը համադրեց՝ «Արեւելք»ը