image

Եգիպտոս. Ընտանեկան բռնութեան հերթական ոճիրը ցնցած է հասարակութիւնը

Եգիպտոս. Ընտանեկան  բռնութեան  հերթական ոճիրը  ցնցած է հասարակութիւնը

 

Վերջերս   Իսրա  Իմատի սպանութեան հարցը ցնցած է Եգիպտոսը, ան բուռն ծեծի ենթարկուած է իր ամուսնոյն կողմէ:

Այս մասին «Արեւելք» տեղեկացաւ համացանցէն:

Ի դէպ, հարցը սկսած է, երբ եգիպտական ընկերային ցանցերը տարածած են  Իսրա Իմատի նկարները, որ փոխադրուած էր հիւանդանոց, ամուսնոյն կողմէ ծեծի ենթարկուելէ ետք: Այս հարցը շարժած է հանրային կարծիքը, ինչ որ առիթ տուած Աղեքսանդրիոյ ոստիկանութեան հետախուզութիւն սկսիլ:

Աղբիւրները նշած են, թէ 18 ամեայ Իսրա հիւանդանոց փոխադրուած է շատ վատ վիճակի  մը մէջ: Ըստ բժիշկներուն, ան  դաշունահարուած է դէմքի ու կուրծքի շրջաններէն, վիրահատուած է եւ ներկայիս անոր առողջական վիճակը կայուն է:

Ըստ Իսրայի մօր,  ան ամուսնացած է 16 տարեկանին, մօր երկրորդ ամուսնոյն տղուն հետ, որովհետեւ սիրահարուած եղած են: Սակայն ընտանեկան հարցերը սկսած են եւ սրած մանաւանդ Իսրայի եւ տագրոջ նշանածին միջեւ: Իսրա իր մօր տուն եղած է, երբ առաւօտեան 4-ին, ամուսինը եկած է զինք տանելու, եւ շէնքին դրան առջեւ տեղի ունեցած է ոճրագործութիւնը:

Իր հերթին դատախազութիւնը մահափորձ կատարելու մեղադրանքով ձերբակալած է ամբաստանեալներ՝ ամուսինն ու անոր եղբայրը: Անոնց մօտ գտնուած է սպիտակ զէնքը, որ գործածուած է ոճրագործութեան ատեն: