Լաթաքիոյ եւ Ծովափնեայ շրջանի հոգեւոր հովիւ Արժ. Տ. Վազգէն Ա. Քհնյ. Քէօշկէրեան, Սուրբ եւ Անմահ հերթական Պատարագ մատուցած է Թարթուսի յոյն ուղղափառ «Մար Իլիաս» եկեղեցւոյ մէջ, թարթուսահայութեան ներկայութեամբ։
Այս մասին «Արեւելք» իմացաւ Բերիոյ Հայոց Թեմի դիմատետրի պաշտօնական էջէն։
Ստորեւ կատարուած լրատւութիւնը՝
Տնօրինութեամբ՝ Բերիոյ Հայոց Թեմի Բարեջան Առաջնորդ Գերշ. Տ. Մակար Սրբ. Արք. Աշգարեանի, Ուրբաթ, 30 Յունուար 2026-ի առաւօտուն, Լաթաքիոյ եւ Ծովափնեայ շրջանի հոգեւոր հովիւ Արժ. Տ. Վազգէն Ա. Քհնյ. Քէօշկէրեան, Սուրբ եւ Անմահ հերթական Պատարագ մատուցեց Թարթուսի յոյն ուղղափառ «Մար Իլիաս» եկեղեցւոյ մէջ, թարթուսահայութեան ներկայութեամբ։
Ս. Պատարագի հոգեպարար երգեցողութիւնը կատարեց Թարթուսի դպրաց դասը։ Ս. Խորանին սպասարկեցին Լաթաքիայէն ժամանած սարկաւագներ։
Քահանայ Հօր քարոզին նիւթն էր Հին Կտակարանի Յովնանու մարգարէութիւնը, որուն յիշատակութեան օրն է այսօր։ Քահանայ Հայրը խօսեցաւ ապաշխարութեան եւ Աստուծոյ փրկագործական ծրագրին մասին։