image

Լոյս տեսած է «Ջանասէր»ի հերթական թիւը

Լոյս տեսած է «Ջանասէր»ի հերթական թիւը

Օրերս լոյս տեսած է Հայ Աւետարանական Եկեղեցւոյ  բարի խօսքը հաղորդող՝ «Ջանասէր» ամսագրի հերթական համարը։ 

Ստորեւ այդ մասին տրուած հաղորդագրութիւնը կը ներկայացնենք «Արեւելք»ի ընթերցող հասարակութեան ուշադրութեան։

«Ջանասէր»ի 2025 Սեպտեմբեր-Դեկտեմբերի թիւը հրատարակուեցաւ եւ կարելի է կարդալ գունաւոր տարբերակով՝ առցանց (online), կամ ալ տպագիր։ 

Այս թիւին մէջ կրնաք կարդալ Ամերիկայի Հայ Աւետարանչական Ընկերակցութեան տարեկան ժողովի եւ Հայ Աւետանական Համաշխարհային Խորհուրդի նորընտիր Գործադիր Տնօրէն Վեր. Դոկտ. Գրիգոր Եումուշաճըգեանի մասին։ Զանազան միջ-եկեղեցական եւ ՄԱՀԱԵՄի գործունէութիւններու մասին կրնաք տեղեկանալ, ներառեալ երիտասարդական ծառայութիւններու։ 

Կարդալու համար հետեւեալ յղումը (link) գործածեցէք. իսկ եթէ տպագիր օրինակ կը փափաքիք ունենալ, գրեցէք ուղղակի այս էջին։ 

https://tinyurl.com/chanaser2025-9-12issue