image

Հալէպ. Ս. Մինասի հերթական Պատարագ եւ աստուածաշնչական սերտողութիւն Սրբոց Քառասնից Մանկանց Մայր եկեղեցւոյ մէջ

Հալէպ. Ս. Մինասի հերթական Պատարագ եւ աստուածաշնչական սերտողութիւն Սրբոց Քառասնից Մանկանց Մայր եկեղեցւոյ մէջ

Տնօրինութեամբ՝ Բերիոյ Հայոց Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տ. Մակար Սրբ. Արք. Աշգարեանի, օրերս, Սրբոց Քառասնից Մանկանց Մայր եկեղեցւոյ մէջ Ս. Մինասի հերթական Պատարագ մատուցուած է, հաւատացեալ ժողովուրդին ներկայութեամբ, որուն յաջորդած է աստուածաշնչական սերտողութիւնը։

Այս մասին «Արեւելք» իմացաւ Բերիոյ Հայոց Թեմի դիմատետրի պաշտօնական էջէն։ 

Ստորեւ կատարուած լրատւութիւնը՝

Տնօրինութեամբ՝ Բերիոյ Հայոց Թեմի Բարեջան Առաջնորդ Գերշ. Տ. Մակար Սրբ. Արք. Աշգարեանի, Երեքշաբթի, 3 Փետրուար 2026-ի առաւօտուն, Սրբոց Քառասնից Մանկանց Մայր եկեղեցւոյ մէջ Ս. Մինասի հերթական Պատարագ մատուցուեցաւ, հաւատացեալ ժողովուրդին ներկայութեամբ։ Պատարագիչն էր՝ Արժ. Տ. Նարեկ Ա. Քհնյ. Զերենցեան։ 

Պատարագէն ետք, եկեղեցւոյ «Նիկոլ Աղբալեան» սրահէն ներս Հոգշ. Տ. Արմէն Աբղ. Գալաճեան Աստուածաշնչական սերտողութիւն կատարեց, պարզաբանելով լերան քարոզի հետեւեալ համարը. «Երանի՜ ողորմածներուն, որովհետեւ անոնք Աստուծմէ ողորմութիւն պիտի գտնեն» (Մտ 5.7): 

Աւարտին, եկեղեցւոյ Տիկնաց յանձնախումբին կողմէ կոկիկ հիւրասիրութիւն կատարուեցաւ։