Այսօր Եգիպտոսի մէջ գրանցուած արկածին հետեւանքով զոհուածներուն թիւը հասած է 32-ի։
Այս մասին տեղեկութիւն քաղեցինք «Սքայ նիւզ Արապիա» կայանէն։ Աղբիւրը նաեւ հաղորդեց, որ արկածին հետեւանքով կան 66 վիրաւորեալներ։
Յիշեցնենք, որ հանրակառքի արկածը եղած է «Ալ Սահիտ» նահանգի «Սուհաժ» շրջանին մէջ։