image
Հրատապ լուրեր:

Դատախազութիւնը կը պահանջէ Վահէ Յակոբեանէն բռնագանձել 12 անշարժ եւ շարժական գոյքեր

Դատախազութիւնը կը պահանջէ Վահէ Յակոբեանէն բռնագանձել 12 անշարժ եւ շարժական գոյքեր

Հակափտածութեան դատարանը վարոյթ ընդունած է Գլխաւոր դատախազութեան՝ ապօրինի ծագում ունեցող գոյքի բռնագանձման վերաբերեալ հերթական հայցադիմումը:

Գլխաւոր դատախազութեան ապօրինի ծագում ունեցող գոյքի բռնագանձման գործերով վարչութիւնը պահանջ ներկայացուցած է դատարանին՝ Սիւնիքի մարզի նախկին մարզպետ, ՀՀ Ազգային ժողովի նախկին պատգամաւոր Վահէ Ալպերթի Յակոբեանէն եւ անոր փոխկապակցուած անձանցից`կնոջմէն՝ Էլիզապէթ Պետրոսեանէն, Վահէ Յակոբեանի եղբայր Կարէն Յակոբեանէն, Կարէն Յակոբեանի կնոջմէն, դուստրէն եւ Վահէ Յակոբեանի ծնողներէն յօգուտ Հայաստանի Հանրապետութեան բռնագանձել՝

  • 9 անշարժ գույք.
  • 3 փոխադրային միջոց.
  • 1 իրաւաբանական անձանցի մէջ մասնակցութիւն.
  • 4 փոխառութեան պահանջի իրաւունք՝ ընդհանուր 122 միլիոն 614 հազար դրամի չափով.
  • 2 պարտատոմս՝ ընդհանուր 741 հազար ԱՄՆ տոլար արժէքով.
  • 2 աւանդ՝ ընդհանուր 240 հազար ԱՄՆ տոլարի չափով.
  • 4 միլիառ 524 միլիոն 816 հազար դրամ՝ որպէս ապօրինի դրամական միջոցներու մնացորդ.
  • 2 միլիառ 814 միլիոն 926 հազար դրամ, որ չի հիմնաւորուիր անձի օրինական եկամուտներով, ունի ապօրինի ծագում, փոխանցուած է բարեխիղճ ձեռքբերողի կամ հնարաւոր չէ նոյնականացնել եւ բռնագանձել։