image
Հրատապ լուրեր:

Ժընեւի մէջ Ռուսիա-ԱՄՆ-Ուքրանիա բանակցութիւնները կը կայանան փակ ռեժիմով. Փեսքով

Ժընեւի մէջ Ռուսիա-ԱՄՆ-Ուքրանիա բանակցութիւնները կը կայանան փակ ռեժիմով. Փեսքով

 

Ժընեւի մէջ Ուքրանիոյ հարցով բանակցութիւններու վերջնական որոշումը տեղւոյն վրայ պիտի կայացնեն պատուիրակութիւնները։ Այս մասին ճեպազրոյցի ընթացքին յայտարարած է Ռուսիոյ նախագահի մամուլի խօսնակ Տմիթրի Փեսքովը։

Անոր խօսքով՝ Ժընեւի մէջ Ռուսիոյ, ԱՄՆ-ի եւ Ուքրանիոյ ներկայացուցիչներուն միջեւ բանակցութիւնները պիտի կայանան լրատուամիջոցներուն համար փակ դրութեամբ։

Փեսքով նաեւ նշած է, որ փետրուար 17-ին Ժընեւի մէջ ռուս-ուքրանական հակամարտութեան կարգաւորման շուրջ բանակցութիւններու վերաբերեալ նորութիւններ պէտք չէ սպասել, քանի որ աշխատանքները նախատեսուած է շարունակել փետրուար 18-ին։

«Չեմ կարծեր, որ այսօր որեւէ նորութիւն պէտք է սպասել, որովհետեւ, ինչպէս գիտէք, աշխատանքները նախատեսուած է շարունակել վաղը»,– նշած է Քրեմլի խօսնակը։