image

Վանայ լիճը բնապահպանական լուրջ ճգնաժամի մը դէմ յանդիման

Վանայ լիճը բնապահպանական լուրջ ճգնաժամի մը դէմ յանդիման

Բնապահպաններ ահազանգ կը հնչեցնեն, ազդարարելով որ Թուրքիոյ ամենամեծ լիճը՝ Վանայ լիճը դէմ յանդիման մնացած է բնապահպանական լուրջ ճգնաժամի մը հետ։

Այս մասին «Արեւելք» իմացաւ Պոլսոյ մեր պաշտօնակից՝ «Նոր Մարմարա»էն։

Աղբիւրը նաեւ կը գրէ, որ gլիմայական փոփոխութիւնները, անձրեւներու կտրուկ նուազումը եւ ջրային ոչ-ճիշդ քաղաքականութիւնը վերջին տարիներուն պատճառ դարձած են որ լճի ջուրը «կորսուի»։ Լճի կարգ մը հատուածներուն մէջ ափը ետ քաշուած է մինչեւ 4-5 քիլոմեթր։

Մասնագէտներու արժեւորումներու համաձայն, յատկապէս վերջին 4-5 տարիներուն, ամառնային եղանակին ջուրի մակարդակի անկումը «բնապահպանական աղէտ»ի մը դուռը բացած է։ Աւելի՛ն, լիճը սնուցանող գետերու վրայ կառուցուած են ջրաելեկտրակայաններ ու ջրամբարներ, որոնք էական դեր ունին այս նոր իրողութեան մէջ։ Եթէ հրատապ քայլեր չառնուին, ապա Վանայ լիճը դատապարտուած է ունենալու այն նոյն ճակատագիրը, զոր ունեցաւ Իրանի Ուրմիոյ լիճը։

Ոլորտի մասնագէտները կը պահանջեն որ պատկան մարմիններ վերատեսութեան ենթարկեն ջրային քաղաքականութիւնը, վերջ տան լճի աւազանի մէջ ուժանիւթային նախագիծերուն եւ իրականացնեն բնապահպանական արդիւնաւէտ նախագիծեր՝ լիճը փրկելու համար։