Հայաստանի Հանրապետութեան ինքնիշխան տարածքին մէջ գտնուող ատրպէյճանական ուժերը պէտք է դուրս բերուին Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի սահմանազատման եւ սահմանագծման յանձնաժողովներու աշխատանքներու հետեւանքով: Այս մասին մամլոյ ասուլիսի ընթացքին յայտարարած է Հայաստանի պաշտպանութեան նախարար Սուրէն Պապիկեանը:
«Սա կառավարութեան դիրքորոշումն է, եւ այն լուծումն է, որը կ՚ապահովի երկարաժամկէտ խաղաղութիւն մեր տարածաշրջանում»,-ըսած է Պապիկեանը:
2024 թուականին Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ սահմանազատում կատարուած էր Տաւուշի շարք մը հատուածներու մէջ, այդ շարքին՝ Կիրանցի հատուածին մէջ: