image

Բերիոյ Հայոց Թեմի Առաջնորդը ընդունած է «Տպարան Արեւելք»-ի վարչութիւնն ու տնօրէնուհին

Բերիոյ Հայոց Թեմի Առաջնորդը ընդունած է «Տպարան Արեւելք»-ի վարչութիւնն ու տնօրէնուհին

Օրերս, Բերիոյ Հայոց Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տ. Մակար Արք. Աշգարեան հիւրընկալած է «Տպարան Արեւելք»-ի վարչութիւնն ու տնօրէնուհի օրդ. Մարալ Չէրչեանը։

Այս մասին «Արեւելք» իմացաւ Բերիոյ Հայոց Թեմի դիմատետրի պաշտօնական էջէն։ 

Ստորեւ կատարուած լրատւութիւնը՝

Շաբաթ, 20 Դեկտեմբեր 2025-ի առաւօտուն, Բերիոյ Հայոց Թեմի Բարեջան Առաջնորդ Գերշ. Տ. Մակար Սրբ. Արք. Աշգարեան, Ազգ. Առաջնորդարանի իր գրասենեակէն ներս հիւրընկալեց «Տպարան Արեւելք»-ի վարչութիւնն ու տնօրէնուհի օրդ. Մարալ Չէրչեանը։

Վարչութեան ատենապետ Յակոբ Հատտատ Առաջնորդ Սրբազան Հօր օրհնութիւնը խնդրելով զեկուցեց տպարանէն ներս տարուող աշխատանքին մասին։

Սրբազան Հայրը, իր հայրական օրհնութիւնները փոխանցելով, գնահատեց վարչութեան եւ տնօրէնուհիին գլխաւորութեամբ «Տպարան Արեւելք»-ի անձնակազմին մատուցած ծառայութիւնը եւ արգասաբեր գործունէութիւն մաղթեց անոնց։