image
Հրատապ լուրեր:

Պոլիս. Արժ. Տ. Նարեկ քահանայի անդրանիկ Սուրբ Պատարագը Թաքսիմի Սուրբ Յարութիւն եկեղեցւոյ մէջ

Պոլիս. Արժ. Տ. Նարեկ քահանայի անդրանիկ Սուրբ Պատարագը Թաքսիմի Սուրբ Յարութիւն եկեղեցւոյ մէջ

Օրուայ պատարագիչ Տէր Հօր՝ Արժ. Տ. Նարեկ քահանայ Տէյիրմենճեանին համար Պէյօղլուի Թաքսիմի Սուրբ Յարութիւն եկեղեցւոյ մէջ Սուրբ Սեղանին սպասաւորութիւն կատարելը կը զգենուր խորունկ նշանակութիւն, որովհետեւ պատանի Սեւան Տէյիրմենճեան իր աչքերը բացած էր յատկապէս այդ եկեղեցւոյ մէջ, ու այնտեղէն ալ ճանչցած էր մեր Սուրբ եկեղեցին ու անոր սպասաւորութիւն կատարելու  շնորհն ու առանձնայատկութիւնները։

«Արեւելք»

Թաքսիմի Ս. Յարութիւն եկեղեցւոյ մէջ, 8 Փետրուար 2026, Կիրակի առաւօտ, արարողութեանց հանդիսապետեց Պէյօղլուի Ս. Եկեղեցեաց քարոզիչ՝ Տ. Յարութիւն Վրդ. Տամատեան։ Ս. Պատարագը մատոյց Տ. Նարեկ Քհնյ. Տէյիրմենճեան։ Ս. Սեղանի սպասարկեցին Ասողիկ Դպրաց Դասու անդամ սարկաւագ եւ դպիրներ։ Ս. Պատարագի բազմաձայն երգեցողութիւնները կատարուեցան Լուսաւորիչ Դպրաց Դաս երգչախումբի կողմէ առաջնորդութեամբ Յակոբ Մամիկոնեանի եւ երգեհոնահարութեամբ Շանթ Էսմէրի։ Արարողութեան մասնակցեցան նաեւ Պէյօղլուի Ս. Եկեղեցեաց Թաղային Խորհուրդէն անդամներ, հանգուցեալ Վահրամ Վարդանեանի զաւակները, նաեւ Առնուվիլի Վարագայ Ս. Խաչ Եկեղեցւոյ վարչութեան ատենապետ Արէտ Թահմիզեան, որ հիւրաբար քաղաքս կը գտնուի։

Յընթացս Ս. Պատարագի հոգեհանգստեան աղօթքներով յիշատակուեցաւ Պէյօղլուի Ս. Եկեղեցեաց Թաղային Խորհուրդի վաստակաշատ անդամներէն Վահրամ Վարդանեան, իր վախճանման երրորդ տարելիցին առթիւ։ Ուխտի Ս. Պատարագի առթիւ յիշատակուեցան նաեւ Տէր Հօր լուսահոգի ծնողքը, որոնք անցեալին ծառայած են Ս. Յարութիւն Եկեղեցւոյ։

Հայր Սուրբը քարոզեց «Միթէ դո՞ւք ալ մոլորուեցաք» (Յովհաննէս 7.47) բնաբանով։ Նախ ողջունեց Պատարագիչ Քահանայ Հայրը, ներկայացնելով Ս. Յարութիւն Եկեղեցւոյ հետ Տէր Հօր ունեցած հոգեւոր սերտ կապը։ Հայր Սուրբը, յատուկ ձեւով անդրադարձաւ, թէ Տէր Հայրը, իր լուսահոգի հօր հետ միատեղ առաջին անգամ այս եկեղեցւոյ մէջ դպրական շապիկ հագած էր եւ տարիներ շարունակ Ս. Յարութիւն եկեղեցւոյ ջերմ վերաբերմունքին արժանացած էին։ Հայր Սուրբը, յիշատակեց նաեւ լուսահոգի Վահրամ Վարդանեանը, որուն հոգեհանգստեան արարողութիւնը ամէն տարի արտասահմանէ ժամանած իր ընտանիքի անդամներու եւս մասնակցութեամբ կ'իրականանայ։ Վեր առնելով հանգուցեալի ծառայութիւնը որպէս անդամը՝ Պէյօղլուի Ս. Եկեղեցեաց եւ պատուոյ անդամ Լուսաւորիչ Դպրաց Դասու, մաղթեց իրեն հոգւոյ խաղաղութիւն։

Հայր Սուրբը իր խօսքերուն մէջ անդրադարձաւ, թէ Քրիստոսին ուսուցումները շատ անգամ արհամարհուած էին Փարիսեցիներու կողմէ։ Շատ ատեն, նոյն հաւաքականութիւնը կ'արհամարհէր նաեւ այն անձերը, որոնք կը դաւանէին, թէ Քրիստոսի ուսուցումները տարբեր էին եւ իրենց մէջ կը յայտնուէր Աստուծոյ փրկարար զօրութիւնը։

Յովհաննէս Աւետարանի այս ընթերցման մէջ, Քրիստոսի հաւատացողները կը բաղդատուէին ժամանակի բարձրադիրք անձերու հետ։ Կ'ըսուէր, թէ Քրիստոսի խօսքերու աշակերտածներ աւելի ստորին եւ տգէտ էին։ Հայր Սուրբը այստեղ շեշտը դրաւ իրողութեան վրայ, որ իւրաքանչիւր անձ կարիքը ունի Աստուծոյ ներշնչանքին եւ այս կանոնը դարեր շարունակ ի զօրու է մարդկութեան համար։ Այսօր առաւել եւս յայտնի կը դառնայ, թէ դժոխային մարդկային իրականութեան մէջ ամենէն փոքր տարիքէն մինչեւ ամենէն երէց օգնութեան մը կարիքը ունին եւ այս մէկը ըստ մեր հաւատքին պիտի հասնի Քրիստոսէն։ Հետեւաբար ներկաներուն թելադրեց, որ չվախնան մարդոցմէ արհամարհուելէ վասն սիրոյն Քրիստոսի։ Իսկ երկրորդը, աւելի կարեւորը քաջութիւնը ունենան իրենց ներաշխարհին մէջ հաշուե յարդար կատարելու եւ իրենց մեղքերը Աստուծոյ առջեւ տանելու հաւատալով, թէ միայն աղբիւրը խաղաղութեան Քրիստոս Փրկիչն է։ Այս ուղղութեամբ մերձաւոր Մեծ Պահոց շրջանը լաւ առիթ պիտի ընծայէ։