«Արեւելք»ին յղուած հաղորդագրութիւնէն կը կարդանք՝
Ի գիտութիւն Հայաստանեայց Եկեղեցւոյ հաւատացեալներուն կը յայտնենք, որ Սերոբ Քահանայ Ազարեանը չի պատկանիր Հայաստանեայց Առաքելական Սուրբ Եկեղեցւոյ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Արեւմտեան Թեմի հոգեւորականաց դասուն։
Սոյն հաղորդագրութիւնը կը հրապարակուի ի գիտութիւն մեր հաւատացեալներուն՝ յստակացնելու համար այն հանգամանքը, որ Սերոբ Քահանայ Ազարեանը Արեւմտեան Թեմէն ներս որեւէ եկեղեցական կամ հոգեւոր ծառայութիւն չի մատուցեր եւ հետեւաբար՝ չի գործեր Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Արեւմտեան Թեմի հովանաւորութեան եւ լիազօրութեան ներքոյ։
Հաւատաւոր ու բարեպաշտ մեր ժողովուրդի զաւակներուն ուշադյութեան կը յանձնենք այս պարագան, խուսափելու որեւէ թիւրիմացութենէ կամ շփոթութենէ։
Հետեւաբար, Սերոբ Քահանայ Ազարեանի ելոյթներու եւ գործողութիւններու պատասխանատուն Արեւմտեան Թեմը եւ Առաջնորդարանը չեն։
Դիւան Առաջնորդարանի
Փետրուար 7, 2026