image

Մելպուռն. Նուիրեալ ՀՅԴ-ական Սարգիս Պէրպէրեանի կորուստը

Մելպուռն. Նուիրեալ ՀՅԴ-ական Սարգիս Պէրպէրեանի կորուստը

Օրերս Մելպուռնի մէջ իր մահկանացուն կնքած է Աւստրալիոյ Մելպուռն քաղաքի յարգուած մեր հայրենակից՝ Սարգիս Պէրպէրեան։

Պէրպէրեանի մահուան մասին «Արեւելք» վերահասու դարձաւ Աւստրալիոյ ՀՅԴ դիմատետրի էջէն։

Ստորեւ տրուած մահագրականը՝

 

Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան Աւստրալիոյ Կեդրոնական Կոմիտէն եւ Մելպուռնի «Ազատամարտ» Կոմիտէն սրտի խոր կսկիծով կը գուժեն Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան նուիրեալ անդամ՝ ընկեր Սարգիս Պէրպէրեանի մահը, որ պատահեցաւ Հինգշաբթի 15 Յունուար 2026-ին:

Ընկեր Սարգիսի կեանքը` Դաշնակցութեան եւ Աւստրալիոյ Մելպուռն քաղաքի հայ գաղութին համար եղաւ համակ նուիրում ու զոհողութիւն:

Հանգուցեալին յուղարկաւորութեան արարողութիւնը տեղի ունեցաւ Երեքշաբթի 20 Յունուար 2026-ին առաւօտեան ժամը 11:00-ին, Մելպուռնի Սուրբ Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ:

Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան Աւստրալիոյ մեծ ընտանիքի անունով կու գանք մեր խորազգաց ցաւակցութիւնները յայտնելու նորոգ հանգուցեալ ընկեր Սարգիսի ընտանիքին, հարազատներուն, Մելպուռնի հայ գաղութին եւ բոլոր գաղափարակից ընկերներուն եւ ընկերուհիներուն: