image

Ֆրեզնօ. Նշուած է Թեմակալ Առաջնորդի եպիսկոպոսական ծառայութեան 35-րդ տարեդարձը

Ֆրեզնօ. Նշուած է Թեմակալ Առաջնորդի եպիսկոպոսական ծառայութեան 35-րդ տարեդարձը

Հովուական, Թեմական եւ ազգային մարմիններու ներկայութեամբ օրերս նշուած է Հայց. Առաքելական Եկեղեցւոյ ԱՄՆ Արեւմտեան Թեմի Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ.  Յովնան արք. Տէրտէրեանի եպիսկոպոսական ծառայութեան 35-րդ տարեդարձը։

Յաւուր պատշաճի արարողութեան եւ գեղարուեստական կոկիկ յայտագրին զուգահեռ  խօսքեր արտասանուած են, իսկ  Թեմակալ Առաջնորդ Սրբազանը հանդէս եկած է սրտի խօսքով։

Ուշագրաւ է նաեւ, որ երկոյթին ներկայ եղած է ԱՄՆ-ի մէջ ՀՀ Պատուոյ Հիւպատոս Տիար Պերճ Աբգարեան, որ այս առթիւ  պատրաստուած յատուկ շնորհակալագիր մը (Տեսնել լուսանկարը)։

Ստորեւ «Արեւելք»ի ընթերցողներուն կը ներկայացնենք այդ առթիւ  հրապարակուած հաղորդագրութիւնը։

Արեւմտեան Թեմի Կեդրոնական Հովիտի հայկական եկեղեցիները 30 Յունուար 2026-ին Ֆրեզնոյի «Փարտինի» ճաշարանին մէջ, համախմբուեցան՝ ուրախութեամբ նշելու Նորին Սրբազնագոյն Տէր Յովնան Արքեպիսկոպոս Տէրտէրեանի՝ Ամերիկայի Հայ Եկեղեցւոյ Արեւմտեան Թեմի Առաջնորդի, եպիսկոպոսական ծառայութեան 35-ամեակը։

Սրբոց Սահակ-Մեսրոպ (Ռիտլի), Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ (Ֆաուլըր), Սուրբ Մարիամ (Եեթթէմ), Սուրբ Պօղոս (Ֆրեզնօ) եւ Սուրբ Խաչ (Թըրլօք) եկեղեցիներէն հոգեւորականներ, սարկաւագներ եւ հաւատացեալներ միացան Թեմական պատասխանատուներուն՝ ներառեալ Թեմական Խորհուրդի Ատենապետ Տէրիք Ղուկասեանին եւ ՀՀ Պատուոյ Հիւպատոս Պերճ Աբգարեանին, երախտագիտութեամբ, ոգեշնչումով եւ հոգեւոր վերանորոգումով լեցուն երեկոյի մը համար։

Մարգարիտ Թումանեանի սրտառուչ բանաստեղծութիւնը եւ յատուկ հռչակագիր մը պատուեցին Սրբազան Հօր նուիրեալ ծառայութիւնը։ Իր յուզիչ խօսքին մէջ, Արքեպիսկոպոս Տէրտէրեան խորին շնորհակալութիւն յայտնեց Բարձրեալին եւ հաւատացեալ ժողովուրդին՝ շեշտելով, թէ իր ծառայութիւնը թանկագին պարգեւ մըն է, արմատաւորուած Հայ Առաքելական Սուրբ Եկեղեցւոյ հանդէպ ամբողջ կեանքին տեւած սիրոյ մէջ։

Էնտրու Եագուպեանի նուագախումբը կախարդիչ երաժշտութեամբ հարստացուց երեկոն, իսկ հասոյթը յատկացուեցաւ Արեւմտեան Թեմի Խնամակալութեան Հիմնադրամին՝ ամրապնդելու Եկեղեցւոյ մնայուն առաքելութիւնը ապագայ սերունդներուն համար։

Հաւատքի, առաջնորդութեան եւ համայնքային միաբանութեան գեղեցիկ վկայութիւն մը։