image
Հրատապ լուրեր:

Ապաքինման մաղթանք՝ Տիար Յակոբ Ճանպազեանին

Ապաքինման մաղթանք՝ Տիար Յակոբ Ճանպազեանին

Օրերս սրտի վիրաբուժական շտապ գործողութեան մը ենթարկուած է Գանատահայ գործիչ՝ Տիար Յակոբ Ճանպազեան։

Մեր հայրենակիցը ունենալով սրտի անհանգստութիւն, արագօրէն փոխադրուած է հիւանդանոց եւ ենթարկուած բժշկական շտապ եւ բաւական բարդ միջամտութեան։

Գործողութիւնը անցած է սահուն եւ բարեյաջող, որմէ ետք Ճանպազեան ժամանակ մըն ալ մնացած է բժիշկներու հոգատարութեան եւ խնամքին ներքոյ։

Այս բոլորին մասին «Արեւելք» տեղեկացաւ Թորոնթոյի մեր աղբիւրէն, որ նաեւ հաւաստեց, թէ Ճանպազեան արդէն իսկ փոխադրուած է իր բնակարանը եւ պիտի բոլորէ ամբողջական ապաքինման շրջան մը։ 

Լիասիրտ եւ ամբողջական  ապաքինման  մեր մաղթանքները կը յղենք սիրելի ընկեր Յակոբին, աղօթելով, որ ան շուտով կը վերադառնայ իր նախկին աշխուժութեան եւ եռանդին։

Մեր ընթերցողներուն յիշեցնենք, որ բնոկ Մուսալեռցի Յակոբ Ճանպազեան կը սերի ազնուական ընտանիքէ մը։ Անոր աւագ եղբայրը՝ հանգուցեալ Վեր. Մովսէս Ճանպազեան կարեւոր  գործունէութիւն ծաւալած է Հայ Աւետարանական Համայնքէն ներս ու կը համարուի այդ սիրելի համայնքի հայրենիքի մէջ վերընձիւղման իրական ճարտարապետներէն մին։

Ինք Յակոբ Ճանպազեան, ոչ միայն գաղութային  գործիչ է ու նուիրեալ դաշնակցական, այլ նաեւ   ձեռներէց, քանդակագործ եւ հրապարակախօս։

Բարին կը մաղթենք մեր սիրելի բարեկամներուն՝ Յակոբ եւ Ժիւլիէթ Ճանպազեաններուն ու անոնց բոլոր պարագաներուն ու սիրելիներուն։