image
Հրատապ լուրեր:

Դիւանագէտը որ կը մերժէ համակերպիլ ազգային գերիշխանութիւնը բռնաբարող քարտէսի մը առաջ եւ նախագհը որ շնորհակալութիւն կը յայտնէ...

Դիւանագէտը որ կը մերժէ համակերպիլ ազգային գերիշխանութիւնը բռնաբարող քարտէսի մը առաջ եւ նախագհը որ շնորհակալութիւն կը յայտնէ...

Յունուար 21-ին, Փարիզի մօտ Արժանթինի դեսնպանը, Իան Սիելեքի (Ian Sielecki), ելոյթ ունեցաւ Ֆրանսայի Ազգային Ժողովի Արտաքին Հարցերու Յանձնաժողովին լսումին: Խօսք առնելէ առաջ, 35-ամեայ դիւանագէտը մատնացոյց ըրաւ իր ետին զետեղուած քարտէսը ուր Մալվինեան կղզիները նշուած էին որպէս «Ֆոլքլենտզ, Մ-Թ» եւ ըսաւ որ չէր կրնար ելոյթ ունենալ իր ետին ունենալով քարտէս մը, որ «կը բռնաբարէր Արժանթինի գերիշխանութիւնը»:

Դեռեւս 19-րդ դարէն Բրիտանական գաղութատիրութեան տակ մնացած Մալվինեան կղզիները, որոնք Լոնտոնի համար Ֆոլքլենտզ են եւ անոնց բնակիչները՝ Քելփըրներ, Արժանթինի համար եղած են ազգային հողատարածք: Քսաներորդ դարուն հարցը արդէն մաս կազմած է ՄԱԿ-ի ապագաղութատիրացման յանձնաժողովին, ուր արժանթինեան դիւանագիտութիւնը յաջողութեամբ պաշտպանած է իր գերիշխանութեան իրաւունքը:

Դժբախտաբար, 1976-ին պետական հարուածով իշխանութեան հասած զինուորական բռնատիրութիւնը 1982-ին ուզեց զէնքի ուժով վերատիրանալ կղզիներուն: Որոշումը, ինչպէս հետագային յստակ դարձաւ, ժողովուրդին հայրենասիրական զգացումի շահագործումի փորձ էր՝ մոռցնելու համար մարդկային իրաւանց զանգուածային բռնաբարումները, երեսուն հազար «անհետացածները» եւ նէօլիպերալ տնտեսական քաղաքականութեան մը աղէտալի հետեւանքները: Ապրիլին սկսած պատերազմը աւարտեցաւ Մեծն Բրիտանիոյ յաղթանակով: Մէկ տարի յետոյ, փուլ եկաւ զինուորական բռնատիրութիւնը եւ վերահաստատուեցաւ ժողովրդավարութիւնը:

Արժանթինի քաղաքական հատուածին համար Մալվինեան Պատերազմը յստակ դաս մըն էր՝ պատերազմի ճամբով կղզիներու վերատիրացումը բացառելու իմաստով եւ այդպէս ալ ամրագրուեցաւ 1994-ի բարեփոխուած Սահմանադրութեան մէջ: Սակայն, 1983-էն ի վեր իշխանութեան հասած ոչ մէկ քաղաքական ուժ, թէկուզ եւ փրօ-Արեւմտեան, ոչ մէկ քաղաքական անձնաւորութիւն, այլեւ ոչ մէկ քաղաքացի դոյզն կասկածի տակ կը դնէ Մալվինեան կղզիներուն արժանթինեան պատկանելիութիւնը: Ոչ ալ արտաքին քաղաքականութեան օրակարգին կղզիներուն վրայ արժանթինեան գերիշխանութեան վերադարձի նշանաձողի իջեցման մասին խօսք եղած է երբեւիցէ:

Ոչ իսկ արժանթինեան նախագահներուն մէջ ամենէն աւելի փրօ-Արեւմտեան Խավիէր Միլէյի կառավարութիւնը նման բան մտքէն անցուցած է: Ընդհակառա՛կը, չկայ առիթ միջազգային որեւէ բազմակողմանի հանդիպման ուր Մալվինեան կղզիներու վրայ արժանթինեան ազգային գերիշխանութեան հարցը չէ արծարծուած նախագահական մակարդակով:

Այդ սկզբունքային կեցուածքին հարազատ պատկերն է դեսպան Սիելեքիի պահուածքը, որուն արդիւնքով ալ Յանձնաժողովի նախագահը խնդրեց որ կղզիներու անուանումը թուղբով ծածկուի որպէսզի դեսպանը իր ելոյթը ունենայ: Պատահարը աննկատ չանցաւ անշուշտ Արժանթինի մէջ եւ մեծ տարածում ունեցաւ սոցիալական ցանցերուն վրայ:

Անկախ ազգային շահերու պաշտանութեան յանձնառութեան փաստէն, արժանթինցի դիւանագէտին պահուածքը ամբողջ դաս մըն է՝ միջազգային բեմահարթակին վրայ ազգային արժանապատւութիւնը պահել գիտնալու:

Մէկ օր առաջ, Տավոսի մէջ, ՀՀ Նախագահ Վահագն Խաչատրեան, ազրպէյճանցի իր պաշտօնակիցին հետ մաս կազմած է հրապարակային քննարկումի մը եւ իր պահուածքով այլ կարգի դաս տուած է...

Արժանթինցի դիւանագէտին հետ պատահած միջադէպին տեսաերիզը առաջին քոմենթին մէջն է:

Երկրորդը շատ հաւանաբար տեսած են շատ հայեր, բայց, ամէն պարագայի, կրկին տեսնելու ցանկութիւն -եւ կարողութիւն- ունեցողներուն համար զետեղուած է երկրորդ քոմենթին մէջ:

Առ ի բաղդատութիւն ազգային արժանապատւութեան պահուածքի երկու տարբերակներու։

Խաչիկ Տէր Ղուկասեան

Խաչիկ Տէր Ղուկասեան

Խաչիկ Տէր Ղուկասեան ծնած է Պէյրութ, ուր ստացա...