image
Հրատապ լուրեր:

Իրանի պատուիրակութիւնը պատրաստ է մնալու Ժընեւի մէջ, յանուն՝ միջուկային գործարքի. Պաղայի

Իրանի պատուիրակութիւնը պատրաստ է մնալու Ժընեւի մէջ, յանուն՝ միջուկային գործարքի. Պաղայի

Իրան պատրաստ է մնալու Ժընեւի մէջ քանի մը օր, նոյնիսկ շաբաթներ՝ Միացեալ Նահանգներու հետ համաձայնութեան հասնելու համար. Իսլամական Հանրապետութեան ներկայացուցիչները Ուաշինկթընէն կ՚ակնկալեն նոյնպիսի լուրջ մօտեցում: Այս մասին յայտարարած է Իրանի Արտաքին գործոց նախարարութեան պաշտօնական ներկայացուցիչ Իսմայիլ Պաղային:

«Պարոն Արաքչին միշտ ըսած է, որ մենք պատրաստ ենք այստեղ մնալու աւելի երկար ժամանակ՝ քանի մը օր կամ նոյնիսկ շաբաթներ, որ վերջնական տեսքի բերենք որեւէ համաձայնութիւն: Մենք յոյս ունինք տեսնել լրջութեան նոյնպիսի մակարդակ նաեւ Միացեալ Նահանգներու կողմէ», - ըսած է Պաղային: