Զօրաւոր ձնաբուքի հետեւանքով առնուազն 61 մարդ մահացած է Աֆղանստանի մէջ։ Այս մասին յայտնած է տարերային աղէտներու հետեւանքներու վերացման ազգային վարչութիւնը:
«Վերջին երեք օրերուն զօրաւոր անձրեւներու եւ ձիւնի տեղումներու հետեւանքով երկրի տարբեր նահանգներու մէջ զոհուած է 61, տուժած՝ 110 մարդ»,-նշուած է կառոյցի տարածած հաղորդագրութեան մէջ։
Հաղորդուած է նաեւ, որ բնական աղէտի հետեւանքով ամբողջութեամբ կամ մասնակի փլուզած է 458 տուն, որու հետեւանքով տուժած է 360 ընտանիք: Միաժամանակ, ոչնչացած 620 գլուխ անասուն։
Աֆղանստանի օդերեւութաբաններու կանխատեսմամբ՝ երկրի շարք մը շրջաններու մէջ առատ ձիւնի տեղումներն այս շաբաթ կրնան շարունակուիլ։