image

Պոլիս. Մահացած է հանրայայտ բանաստեղծ Իգնա Սարըասլան

Պոլիս. Մահացած  է  հանրայայտ բանաստեղծ Իգնա Սարըասլան

Պոլսահայ Ժամանակակից գրականութեան կարեւոր դէմքերէն  Իգնա Սարըասլան, մահացաւ 81 տարեկան հասակին։

 Տխրունիին մասին «Արեւելք» իմացաւ Պոլսոյ իր աղբիւրէն։ 

Նշենք,  որ  Սարըասլան,  ստեղծագործած է թէ՛ հայերէնով եւ թէ՛ թրքերէնով։ Անոր  բանաստեղծութիւնները  լայն արձագանգ գտած են  գրական աշխարհին մէջ։ Սարըասլանի  գործերը թարգմանուած են 14 լեզուներով եւ տեղ գտած տարբեր հաւաքածուներու եւ դասագիրքերու մէջ։ Ան նաեւ «Մարմարա» օրաթերթի գրողներէն էր։

 

Այս տխուր առթիւ  մեր խորին  ցաւակցութիւնները կը յղենք հանգուցեալի ընտանեկան պարագաներուն, հանգուցեալի մտերիմներուն, ինչպէս նաեւ Պոլսահայ համայնքի մտաւորական շրջանակներուն։