Օրերս Պրազիլիոյ Սան Փաուլօ քաղաքին մէջ տեղի ունեցած է ծառանտկումի արշաւ մը, որու աւարտին ալ տեղի քաղաքապետը այցելութիւն տուած է Սան Փաուլոյի Սուրբ Գէորգ հայկական եկեղեցի։
Ընդունելութեան ներկայ եղած է Թեմակալ Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Նարեկ եպս. Պէրպէրեան, ինչպէս նաեւ թեմական, ազգային, գաղութային պատասխանատուներ։
Ստորեւ «Արեւելք»ի ընթերցողաց կը ներկայացնենք այդ առթիւ տրուած հաղորդագրութիւնը՝
Օրերս Սան Փաուլօ քաղաքը ապրեցաւ բնութեան նկատմամբ հոգատարութեան եւ քաղաքային համակեցութեան արժեւորման կարեւոր պահ մը։ Սան Փաուլոյի քաղաքապետ Ռիքարտօ Նունեսը սկիզբ դրաւ «անտառապատման» առաջին փուլին՝ Արմենիա հրապարակին մէջ տնկելով 2.000 ծառ, իբրեւ շօշափելի քայլ՝ ի նպաստ կայուն զարգացման, կեանքի որակի եւ քաղաքի ապագային։
Նախաձեռնութեան մասնակցեցան թեմի առաջնորդ Տ. Նարեկ Արք. Պէրպէրեան՝ քահանաներու ուղեկցութեամբ, Սան Փաուլոյի Թեմական Խորհուրդի նախագահ Սերժիօ Առաքելեանը, գործադիր կազմի անդամներ եւ համայնքի ներկայացուցիչներ, որոնք միասին ծառատունկ իրականացուցին՝ վերահաստատելով համայնքի յանձնառութիւնը արարչութեան պահպանումին եւ ընդհանուր բարիքին։
Ապա, նախագահ Սերժիօ Առաքելեանի հրաւէրով, քաղաքապետ Ռիքարտօ Նունես այցելեց թեմական կեդրոն, ուր առաջին անգամ առիթ ունեցաւ ծանօթանալու մայր տաճարին՝ խորացնելով իր կապը Սան Փաուլոյի մէջ հայ համայնքի պատմական եւ հոգեւոր ներկայութեան հետ։ Այնուհետեւ ան մասնակից դարձաւ հիւրընկալութեան, որուն ընթացքին ծանօթացաւ հայ համայնքի հարուստ պատմութեան, որ տասնամեակներու ընթացքին ունեցած է նշանակալի կրօնական, մշակութային եւ հասարակական ներդրում։
Հանդիպման ընթացքին քաղաքապետին նուիրուեցան հրատարակութիւններ Հայ Եկեղեցւոյ եւ հայ ժողովուրդի պատմութեան մասին՝ իբրեւ մշակութային փոխանակման եւ բարեկամութեան, երկխօսութեան ու փոխադարձ յարգանքի կապերու ամրապնդման նպատակով։
Մեր խորին երախտագիտութիւնը կը յայտնենք Միջոցառումներու տնօրէն Ներսէս Եղինէրեանին՝ իր նուիրումին եւ ջանքերուն համար, որոնք մեծապէս նպաստեցին այս յատուկ ձեռնարկին իրականացման՝ միաւորելով իշխանութիւնները, հաւատքը, մշակոյթը եւ քաղաքի ապագային հանդէպ պատասխանատուութիւնը։
Այս օրը պիտի մնայ իբրեւ գեղեցիկ վկայութիւն համագործակցութեան, երկխօսութեան եւ յոյսի՝ Սան Փաուլոյի եւ մեր ամբողջ համայնքի համար։



