image

Լիբանանի Թրիփոլի քաղաքին մէջ շէնքերու փլուզման հետեւանքով զոհերու թիւը հասած է 14-ի

Լիբանանի Թրիփոլի քաղաքին մէջ շէնքերու փլուզման հետեւանքով զոհերու թիւը հասած է 14-ի

 

Լիբանանի Թրիփոլի քաղաքին մէջ բնակելի շէնքերու փլուզման հետեւանքով զոհերու թիւը հասած է 14-ի։ Այս մասին կը հաղորդէ Լիբանանի Ազգային լրատուական գործակալութիւնը (NNA

Քաղաքացիական պաշտպանութեան ընդհանուր տնօրէն Իմատ Խրեյշ յայտնած է, որ փրկարարական խումբերը քաղաքի հիւսիսային Պապ ալ-Թապանէ թաղամասին մէջ փլուզած շէնքերու փլատակներէն դուրս բերած եւ օգնութիւն ցուցաբերած են 8 մարդու։

Անոր խօսքով՝ որոնողա-փրկարարական աշխատանքները աւարտած են։

Վերջին շաբաթներուն ընթացքին ասիկա Թրիփոլիի մէջ երկրորդ նմանատիպ դէպքն է։