Շիրակի թեմի առաջնորդ Միքայէլ արքեպիսկոպոս Աջապահեանը դուրս գրուած է «Իզմիրլեան» հիւանդանոցէն։
«Հոյակապ եմ, լաւ է, ամէն ինչ լաւ է»,-ինչպէս կը զգաք հարցին ի պատասխան ըսած է Սրբազանը։
Յիշեցնենք, որ Շիրակի թեմի առաջնորդը 2 անգամ վիրահատուած է:
Հարցին` ի՞նչ կ՚ըսէք Ձեր ծառայակից ընկերներուն, Միքայէլ Սրբազանը պատասխանած է, թէ իրենք գիտեն իրենց ընելիքը։
Յիշեցնենք` Միքայէլ արքեպիսկոպոս Աջապահեանի նկատմամբ քրէական գործ յարուցուած է շխանութիւնը զաւթելուն, տարածքային ամբողջականութիւնը խախտելուն, ինքնիշխանութենէն հրաժարելուն կամ սահմանադրական կարգը բռնի տապալելուն ուղղուած հրապարակային կոչերու յօդուածով։
Ան կալանաւորուած է յունիս 28–ին։
Վերաքննիչ դատարանը փետրուար 6-ին Սրբազանի խափանման միջոց կալանքը փոխարինած է տնային կալանքով։