image

«Դրօշակի պատերազմը»

«Դրօշակի պատերազմը»

Չենք գիտեր եթէ երբեք Փաշինեանը իր «Արցախը Հայաստան է և վերջ» յայտարարութեան մասին մտածեց որպէս «կաֆ», որպէս «լաւ չմտածուած» և «վաղաժամ» արարք: Եւ թերևս իր լռութիւնը այդ մասին աւելի լրջախոհական է նկատի ունենալով այդ յայտարարութենէն յետոյ իր միւս «կաֆ»երը. «Մեզի պէ՞տք էր Շուշին» ևայլն:

«Կաֆ»ի մը հետևանքով լիբանանեան «դրօշակի պատերազմ»ը թերևս զգաստութեան հրաւէր մը ըլլայ աւելի շատ ընդդիմութեան, խորհրդարանական թէ արտախորհրդարանական, և խորհրդանիշերու զգայնութեան հիման վրայ քաղաքական կիրքերու կամայ թէ ակամայ հրահրման նախաձեռնող թէ նպաստող դերակատարներուն՝ զգուշանալու նման լարուածութեանց անկանխատեսելի հետևանքներէն:  

 22 Նոյեմբեր 1985-ին, քաղաքացիական պատերազմով պառակտուած Լիբանանը կը պատրաստուէր նշելու անկախութեան նոր տարեդարձ մը: Այդ օր, Տիւրզի համայնքի ղեկավար Ուալիտ Ճոմպլաթի Ընկերվարական Յառաջդիմական Կուսակցութեան զինեալները, ենթարկուելով իրենց ղեկավարի հրահանգին, նախաձեռնեցին Արևմտեան Պէյրութի մէջ (մայրաքաղաքի այն բաժինը որ կը գտնուէր իսլամ և ձախ հակումով խմբաւորումներու վերահսկողութեան տակ և ծանօթ էր իր արաբական որակումով՝ Ղարպիյէ) լիբանանեան դրօշները վար առնելու արշաւի մը: Որոշումին հիմնաւորումը այնպէս ալ յստակ չմնաց. պիտի ենթադրել ինչ որ գաղափարախօսական հակադրութիւն/մերժում պետական խորհրդանիշի մը: Նախաձեռնութիւնը, սակայն, հանդիպեցաւ Ղարպիյէի մէջ տիրական, և այն ժամանակ համալիբանանեան մասշտապով ընդհանրապէս շատ ազդեցիկ, շիա համայնքի ղեկավար Նեպիհ Պըրիի գլխաւորած «Ամալ» շարժումի ընդդիմութեան: Արդիւնքով Արևմտեան Պէյրութը ապրեցաւ երկու զինեալ, և ենթադրաբար դաշնակից, խմբաւորումներու բուռն բախումներու դժոխային չորս օրեր, որոնք իրենց ետին ձգեցին 65 զոհ, 225 վիրաւոր և համատարած քանդում: Միջադէպը պատմութեան անցաւ «Դրօշակի Պատերազմը» բնութագրութեամբ:

Առանց բաղդատութեան փորձի հաւակնութեան, Երևանի մէջ ընդդիմութեան Ապրիլ 4-ի հաւաքին յաջորդած նախաձեռնութիւնը՝ Արցախի դրօշակը զետեղել կարգ մը հրապարակներու վրայ, և անոր ի հակազդեցութիւն Ազգային Ժողովրդավար Բևեռի հետևորդներու առած քայլը՝ Ֆրանսա հրապարակին վրայ Արցախի դրօշի ճերմակ ճեղքը ներկելու որպէսզի այն Եռագոյնի վերածուի, յիշեցուց լիբանանեան քաղաքացիական պատերազմի այդ արդէն մոռցուած միջադէպը, որ շատերուս յիշողութեան մէջ շատ ցաւալի կերպով տեղակայուած է ի մտի ունենալով հարազատ զոհեր որ ինկան այդ բախումներուն... Բայց եթէ բաղդատական վերլուծումը անհեթեթ է, երկու իրարմէ տարբեր միջադէպերու ծնունդ տուող այսպէս ըսենք «խոհրդանիշերու մեկնաբանութեան բախումը» որ, ըստ մակերեսայինառաջին հայեացքի մը մեկնակէտ հանդիսացած է կացութեան լարումին, կրնայ առիթ տալ ներկայ կացութեան խորքային պատճառականութիւնը հասկնալու փորձի մը:

Խորհրդարանական ընդդիմութիւնը, ըստ երևոյթին, Արցախի դրօշի զետեղումով ուզած է իշխանութիւններուն յիշեցնել հայ-ազրպէյճանական բանակցութիւններու ժամանակ, և, ընդհանրապէս, իրենց հնչեցուցած «տարածաշրջանային խաղաղութեան դարաշրջան»ի 'տեսլականին' մէջ Արցախեան հիմնահարցը չմոռնալու, չանտեսելու և չլքելու կենսական հրամայականը: Իրենք իրենց Փաշինեանի իսկական ընդդիմադիր նկատող, Հայաստանը ՕԹԱՆ-ի դաշնակից վերածելու նպատակը հետապնդող Բևեռը, որ այսօր երևի պիտի կոչել «արտախորհրդարանային ընդդիմութիւն», Արցախի դրօշակը Եռագոյնացնելով ի՞նչ պատգամ ուզեց յղել: Այդ պատգամը կարելի է մեկնաբանել յիշելով, և Բևեռին յուշելով, Նիկոլ Փաշինեանի յայտարարութիւնը Ստեփանակերտի մէջ՝ «Արցախը Հայաստան է  և վերջ»: Այսինքն, ենթադրելով որ Բևեռը Արցախի դրօշը Եռագոյնացնելով կ'ուզէ Արցախը Հայաստանի մաս տեսնել, և ոչ թէ առանձին պետական միաւոր, կարելի չէ զուգահեռ մը չտեսնել նախա-Քառասունչորսօրեայ Պատերազմի Փաշինեանի այդ յայտարարութեան հաստատումին և Բևեռի արարքին միջև: 

Այսօր, սակայն, գիտենք որ Փաշինեանի այդ յայտարարութիւնը առնուազն անլրջութիւն էր, մէկը այն բազմաթիւ ամբոխահաճոյական իր ելոյթներէն որոնք ըրած է և կ'ընէ յաճախ մոռնալով որ ինք պետական ղեկավար է և հրապարակային իր ամէն մէկ խօսքը ունի իր կշիռն ու հետևանքները: Բևեռին ղեկավարները, իրենց կարգին, պիտի անդրադառնան որ Փաշինեանի այդ յայտարարութիւնը ունեցաւ իր շատ ծանր հետևանքները: Ընդ որում, Ազրպէյճանի հետ բանակցող Փաշինեանի կառավարութիւնն ու Ազգային Ժողովի իր մեծամասնական խմբակցութիւնը միայն քար լռութիւն կը պահեն Արցախի մասին: Ընդունած են որ Հայաստանը, կամ այս իշխանութիւնները, ըսելիք և ընելիք ոչինչ ունին կամ կրնան ունենալ ինչ որ չափով տէր կանգնելու համար այն յանձնառութեան որ Հայաստանը ստանձնած էր Արցախի նկատմամբ 1994-ի զինադադարէն յետոյ: Փաշինեանական պոռոտախօսութիւնը ամէն ինչ զէրոյէն սկսելու հաւակնութիւնը ունէր 2019-ին, այսօր ամէն ինչ զէրոյի հաւասարեցուցած է: «Արցախը Հայաստան է և վերջ»էն մնացած է միայն «վերջ»ը, որուն հասցուց իր ոչ միայն նախկին քաղաքականութիւնը, ինքնին արդէն շատ խոցելի, բարելաւելու անկարողութիւնը, այլ պատերազմէն յետոյ իշխանութեան վրայմնալով այդ անկարողութեան շարունակականութիւն տուող իր... կարողութիւնը: 

Բևեռը ինքզինք կը ներկայացնէ որպէս Փաշինեանի իսկական և արմատական ընդդիմադիր և հրապարակ կու գայ իր անիրապաշտութեամբ իսկ ամենաարմատական այլընտրանքով՝ խզել Ռուսիոյ հետ ամէն կապ և դիմել ՕԹԱՆ-ին անդամակցութեան քանի, ըստ իրենց համոզումին, Ուաշինկթըն դռները լայն բացած է Հայաստանին առաջ, աւելի լայն քան Վրաստանին թէ Ուքրանիոյ... Պահ մը հարցականի տակ չդնելով Բևեռի հետևորդներու համոզումը, որ իրենց այլընտրանքը իրականանալի է, փորձենք հասկնալ թէ ինչո՛ւ ճիշդ այս պահուն, երբ իշխանութիւնները քար լռութիւն կը պահեն Արցախի հիմնախնդրի շուրջ և կ'առաջանան, ըստ պաշտօնական յայտարարութիւններու, հայ-ազրպէյճանական բանակցութիւններու գործընթացին մէջ, Բևեռը իշխանութիւններուն իր ընդդիմութեան առաջին ճակատը կը բանայ ընդդիմութեան հետ լարուածութիւն ստեղծելով:

Սխալ չհասկցուինք: Ոչ ոք կ'ակնկալէ, որ խորհրդարանական ընդդիմութիւնն ու Բևեռը ամէն տարակարծութիւն մէկ կողմ դնեն և առաջնահերթային համարեն առնուազն հակակշիռ ստեղծել պարտուած իշխանութիւններուն վրայ որպէսզի չկարողանան վերածուիլ Մոսկուայի և Անգարայի մէջ կայացած որոշումներու հլու կամակատարի, և գիտակցին որ մեծամասնութիւն ըլլալը չի նշանակեր ազգային լինելութեան հարցերուն մէջ միակողմանի որոշումներու իրաւունք ունենալ: Ինչպէս ամէն քաղաքական թերզարգացած հասարակութիւններու պարագային, հայրենի քաղաքական վերնախաւի մօտ ալ հարցերու անձնականացումը, տիալոկի ամէն կամուրջ այրելու բացառիկ տրամադրուածութիւնը, կը բացառէ այն ինչ նոյնիսկ ամենալարուած 1990-ականներուն կարելի կը թուէր՝ ազգային համախոհութեան նուազագոյն հասարակաց յայտարարներու շուրջ համաձայնութիւն և յանձնառութիւն:

Ատով հանդերձ, կարելի չէ նաև խուսափիլ այն հարցադրումէն, որ արդե՞օք Բևեռը, կամայ թէ ակամայ, իշխանութիւններու ընդդիմութեան լայն, այսինքն՝ ե՛ւ խորհրդարանական, ե՛ւ արտախորհրդարանական, դաշտի պառակտումին չի ձգտիր «դրօշակի պատերազմ»ի այս հայկական տարբերակով -բնորոշման միտք ի բանին նկատի առած, քանի, բարեբախտաբար, «պատերազմ» որպէս այդպիսին չկայ Երևանի մէջ: Արդե՞օք ոչ իսկ խորհրդարանական ընդդիմութիւն ըլլալու նուազագոյն ժողովրդականութիւնը չունեցող Բևեռը այս արարքով չի փորձեր նախ և առաջ քիչ մը բարելաւել իր ժողովրդականութիւնը ի հաշիւ ոչ թէ իշխանութեան համակիրներուն, այլ՝ ընդդիմութեան: Այսինքն, արդե՞օք Բևեռին նպատակը նախ և առաջ խոհրդարանական ընդդիմութիւնը հարուածելն ու վարկաբեկելը չէ սեփական «ռէյթինկ»ի բարելաւման համար: Եւ արդե՞օք իշխանութիւնները պիտի ունենան աւելի լաւ համոզիչ փաստ ռուս «ռազմավարական գործընկերոջ» առաջ ներկայանալու որպէս ամենաբանական այլընտրանք ի դէմս ժողովրդային զանգուածային շարժում առաջացնելու անկարող ընդդիմութեան թէ ՕԹԱՆ-ի բացայայտ համակիր Բևեռին: 

Լիբանանեան «Դրօշակի պատերազմ»ի չորսօրեայ աղիտալի անհեթեթէն յետոյ, Ուալիտ Ճոմպլաթ հրապարակային կերպով ընդունեց որ «կաֆ» մը ըրած էր: «Լաւ չմտածեցի արարքիս մասին: Վաղաժամ էր: Արևմտեան Պէյրութի բնակչութեան վրայ և «Ամալ»ի հետ մեր յարաբերութիւններուն համար սուղի նստեցաւ: Քաղաքին մէջ քանդումները ահաւոր են», ըսաւ ան լրագրողներուն: Չենք գիտեր եթէ երբեք Փաշինեանը իր «Արցախը Հայաստան է և վերջ» յայտարարութեան մասին մտածեց որպէս «կաֆ», որպէս «լաւ չմտածուած» և «վաղաժամ» արարք: Եւ թերևս իր լռութիւնը այդ մասին աւելի լրջախոհական է նկատի ունենալով այդ յայտարարութենէն յետոյ իր միւս «կաֆ»երը. «Մեզի պէ՞տք էր Շուշին» ևայլն:

«Կաֆ»ի մը հետևանքով լիբանանեան «դրօշակի պատերազմ»ը թերևս զգաստութեան հրաւէր մը ըլլայ աւելի շատ ընդդիմութեան, խորհրդարանական թէ արտախորհրդարանական, և խորհրդանիշերու զգայնութեան հիման վրայ քաղաքական կիրքերու կամայ թէ ակամայ հրահրման նախաձեռնող թէ նպաստող դերակատարներուն՝ զգուշանալու նման լարուածութեանց անկանխատեսելի հետևանքներէն: Արևմտեան Պէյրութի այդ աղիտալի ողբերգութիւնը վերջինը չեղաւ: Տիւրզի զինեալներն ու «Ամալ»ի հետևորդները կրկին բախեցան իրարու Փետրուար 1987-ին: Աւելի վայրագ, աւելի ատելավառ, աւելի արիւնոտ և աւելի քանդիչ:  

 

Խ. Տէր Ղուկասեան

 

 

 

 

Խաչիկ Տէր Ղուկասեան

Խաչիկ Տէր Ղուկասեան

Խաչիկ Տէր Ղուկասեան ծնած է Պէյրութ, ուր ստացա...