image

ԱՄԷ-ի մէջ. Գերշ. Տ. Մեսրոպ արք. Սարգիսեան մասնակցեցաւ «Դրօշակի օր»ուան արարողութեան

ԱՄԷ-ի մէջ. Գերշ. Տ. Մեսրոպ արք. Սարգիսեան մասնակցեցաւ «Դրօշակի օր»ուան արարողութեան

Օրերս Ապու Տապիի մէջ ԱՄԷ-ի, Քաթարի եւ յարակից երկիրներու թեմակալ առաջնորդ Գերշ. Տ. Մեսրոպ արք. Սարրգիսեան մասնակից դարձաւ երկրի «Դրօշակի օր»ուան արարողութեան։

 Ասոր մասին «Արեւելք» տեղեկութիւն ստացաւ Թեմի Դիմատետրեան պաշտօնական էջէն։

 Ստորեւ տրուած հաղորդագրութիւնը

 

 

Դրօշակի Օրուայ Մասնակցութիւն

Ուրբաթ 1 Նոյեմբեր 2024-ին, թեմիս Առաջնորդ՝ Գերշ. Տէր Մեսրոպ Արք. Սարգիսեան, ընդառաջելով Համերաշխութեան նախարար՝ Շէյխ Նահեան Պըն Մուպարաք Ալ Նահեանի հրաւէրին, ընկերակցութեամբ Ապու Տապիի Սրբոց Նահատակաց եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ՝ Հոգշ. Տէր Վաչէ Վրդ. Պալքճեանի, ներկայ գտնուեցան նախարարութեան կողմէ կազմակերպուած էմիրութեանց դրօշակի օրուայ հանդիսաւոր ձեռնարկին:

Այս առիթով Սրբազան հայրը Նախարարին հետ անձնական զրոյց ունենալով, փոխանցեց տարածաշրջանէն ներս Միջ եկեղեցական յարաբերութեանց զարգացման եւ Համերաշխութեան Նախարարութեան ու քրիստոնեայ համայնքներուն սէր ու փոխադարձ յարաբերութեան մասին: 

Ինչպէս նաեւ Սրբազան հայրը փոխանցեց Վեհափառ Հայրապետին յատուկ ողջոյնները Պրն. Նախարարին: