image
Հրատապ լուրեր:

ԱՄԷ. Նշուած է «Դրօշակի Օր»ը. Արարողութեան մասնակցութիւն բերած է Թեմակալ Առաջնորդ Գերշ. Տ. Մեսրոպ արք. Սարգիսեան

ԱՄԷ. Նշուած է «Դրօշակի Օր»ը. Արարողութեան  մասնակցութիւն բերած է  Թեմակալ Առաջնորդ Գերշ. Տ. Մեսրոպ արք. Սարգիսեան

Օրերս Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու մէջ  նշուած է «Դրօշակի օր»ը։

Միջոցառման իր մասնակցութիւնը բերած է ԱՄԷ, Քաթարի եւ շրջակայից երկիրներու  Թեմակալ Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Մեսրոպ արք. Սարգիսեան։

Եղելութեան մասին «Արեւելք» վերահասու  դարձաւ  Թեմի պաշտօնական էջէն։

Ստորեւ տրուած  լրատւութիւնը՝

Երկուշաբթի 3 Նոյեմբեր 2025-ին, թեմիս Առաջնորդ՝ Գերշ. Տէր Մեսրոպ Արք. Սարգիսեան, ընդառաջելով Համերաշխութեան նախարար՝ Շէյխ Նահեան Պըն Մուպարաք Ալ Նահեանի հրաւէրին, ընկերակցութեամբ Ապու Տապիի Սրբոց Նահատակաց եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ՝ Հոգշ. Տէր Վիգէն Վրդ. Տալգըլըճեանի, ներկայ գտնուեցան նախարարութեան կողմէ կազմակերպուած էմիրութեանց դրօշակի օրուայ հանդիսաւոր ձեռնարկին:

Ձեռնարկէն առաջ Պրն. Նախարարը ողջունեց ներկաները եւ այս առիթով իր գոհունակութիւնը յայտնեց Էմիրութիւններէն ներս գոյութիւն ունեցող կրօններու միջեւ համերաշխ ու խաղաղ կեանքին: Սրբազան հայրը զրուցակիցը դառնալով Պրն. Նախարարին փոխանցեց Վեհափառ Հայրապետին եղբայրական ողջոյնները յայտնելով որ հովուապետական այցելութեամբ ան կը գտնուի Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ: Ինչպէս նաեւ Սրբազան հայրը իր յատուկ շնորհակալութիւնը եւ գնահատանքը յայտնեց Արաբական Միացեալ Էմիրութեանց իշխանութեան եւ այս պարագային Պրն. Նախարարին իրենց ցուցաբերած մնայուն զօրակցութեան ու քաջալերանքին, աւելի համերաշխ գոյակցութեան ենթահող ստեղծելու երկրի տարածաշրջանէն ներս գտնուող կրօններու միջեւ:

Նշենք որ Պրն. Նախարարը եւ Սրբազան հայրը երկար տարիներէ ի վեր միասին կը գործակցին եւ սերտ յարաբերութեանց մէջ կը գտնուին: