Ուքրանիոյ յաջորդ տարի միջազգային զգալի ֆինանսական աջակցութիւն անհրաժեշտ է՝ պաշտպանական կարիքները հոգալու եւ պատերազմի պայմաններուն մէջ պետութեան բնականոն գործունէութիւնը ապահովելու համար։ Այս մասին յայտնած է Ուքրանիոյ նախագահ Վոլոտիմիր Զելենսքին։
Ըստ Զելենսքիի՝ պաշտպանութեան նախարարին, զինուորական ղեկավարութեան եւ պաշտպանական ոլորտի այլ ներկայացուցիչներուն հետ խորհրդակցութիւններէ ետք, ուքրանական կողմը ճշգրտած է յաջորդ տարուան ֆինանսական կարիքները։ Ընդհանուր գումարը կը կազմէ 115 միլիառ եւրօ, որմէ 45 միլիառը արդէն նախատեսուած է, իսկ մնացեալ 70 միլիառ եւրոն անհրաժեշտ է հայթայթել։
Միաժամանակ, ան յայտնած է գործընկերներէն ստացուող դրական ազդակներուն մասին։ Եւրոպական յանձնաժողովը առաջարկած է յաւելեալ 45 միլիառ եւրոյի ֆինանսաւորում, որուն գումարած՝ նախապէս համաձայնեցուած աջակցութիւնը, ընդհանուր գումարը կը հասնի 90 միլիառ եւրոյի։
Զելենսքի աւելցուցած է, որ նման ֆինանսական կարիք կրնայ առաջանալ նաեւ 2028 թուականին, սակայն յոյս յայտնած է, որ այդ ժամանակ պատերազմն արդէն աւարտած պիտի ըլլայ։