image

«Մենք նոյնպէս պիտի կարգաւորենք Ռուս-Ուքրանական պատերազմը». Տանըլտ Թրամփ

«Մենք նոյնպէս  պիտի կարգաւորենք  Ռուս-Ուքրանական պատերազմը». Տանըլտ Թրամփ

Մենք կարգաւորած ենք ութ պատերազմ, եւ կը կարգաւորենք նաեւ ռուս-ուքրանականը, յայտարարած է Տանըլտ Թրամփ Ուաշինկթընի մէջ Ս. Ծննդեան տօնածառի լուսաւորութեան արարողութեան ժամանակ։

 

«Մենք կը ձգտինք համաշխարհային խաղաղութեան։ Մենք կը կարգաւորենք պատերազմներն այնպիսի մակարդակներով, որոնք որեւէ մէկը երբեք չէ տեսած։ Անոնցմէ ութը հատ կայ։ Մենք կ'աւարտենք եւս մէկը։ Եւ այդ ռուս-ուքրանական պատերազմն է, եթէ այդ հնարաւոր է։ Եւ ես կը կարծեմ, որ մենք ի վերջոյ կը հասնինք անոր։ Անցեալ շաբաթ զոհուած է 8,000 զինուոր, իսկ անցեալ ամիս՝ 27,000 զինուոր։ Ասոր պէտք է վերջ դրուի։ Մենք շատ կ'աշխատինք անոր համար», - ըսած է Միացեալ Նահանգներու նախագահը: