image

Չաւուշօղլուն Ֆրանսայի թուրքերուն կոչ ըրած է պայքարելու հայկական սփիւռքին դէմ

Չաւուշօղլուն Ֆրանսայի թուրքերուն կոչ ըրած է պայքարելու հայկական սփիւռքին  դէմ

Թուրքիոյ Արտաքին գործոց նախարար Մեւլութ Չաւուշօղլուն Սթրասպուրկի մէջ Թուրքիոյ գլխաւոր հիւպատոսութեան մէջ հանդիպած է հայրենակիցներու հետ, որու ընթացքին անդրադարձած է հայկական սփիւռքին:

Ան արտասահմանի մէջ ապրող թուրքերուն կոչ ըրած է աւելի կազմակերպուած ըլլալու, գրած է Anadolu գործակալութիւնը:

«Երբ խօսքը կը վերաբերի Թուրքիոյ, պէտք է քիչ մըն ալ ցոյց տանք այս միասնութիւնը: Մենք ԱՄՆ-ի մէջ ստեղծեցինք թուրք-ամերիկեան ղեկավար կոմիտէ, որ շատ արդիւնաւէտ աշխատանք սկսաւ  մեր երկրի դէմ հայկական սփիւռքի զրպարտութիւններու դէմ: Մենք ամէն ինչ պիտի ընենք այս կազմակերպութիւնը Եւրոպայի մէջ ամրապնդելու համար:

Մենք կրնանք աւելի արդիւնաւէտ ըլլալ Ֆրանսայի մէջ քաղաքականութեան մէջ: Ցաւօք, այստեղ ալ կայ հայկական սփիւռք, եւ այս հայկական սփիւռքի մէկ մասը բարի նպատակներ չունի. այն դէմ է չակերտները Թուրքիոյ եւ Հայաստանի, Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի յարաբերութիւններու կարգաւորման, մենք կը խօսինք փիւռքի մը մասին, որ թշնամական վերաբերմունք ունի լաւ յարաբերութիւններիու հաստատման հանդէպ: Մենք կ'ակնկենք, որ աւելի կազմակերպուած կերպով ձեր ձայնը բարձրացնեք այս սփիւռքի դէմ», - ըսած է Չաւուշօղլուն: