image

Հայկական կողմը հաւաստիացուցած է, որ ԱՄՆ զինուnրականները պիտի չտեղակայուին ԹՐԻՓՓ-ի երկայնքով․ Պաղայի

Հայկական կողմը հաւաստիացուցած է, որ ԱՄՆ զինուnրականները պիտի չտեղակայուին ԹՐԻՓՓ-ի երկայնքով․ Պաղայի

 

Հայկական կողմը իրանցի գործընկերներուն հաւաստիացուցած է, որ TRIPP-ի իրականացման շրջածիրէն ներս ամերիկեան զինուորականներ պիտի չտեղակայուին այդ տարածքին մէջ։ Այս մասին յայտարարած է Իրանի Արտաքին գործոց նախարարութեան պաշտօնական ներկայացուցիչ Էսմայիլ Պաղային։

Անոր խօսքով՝ հայկական կողմը նաեւ հաւաստիացուցած է, որ նախագիծի իրականացումը պիտի չյանգեցնէ տարածաշրջանի սահմաններու կամ աշխարհաքաղաքական իրավիճակի փոփոխութեան, իսկ շինարարական աշխատանքները պիտի կատարուին հայկական ընկերութիւններու կողմէ։

«Մեզի ըսին, որ այս նախագիծին իրականացումը որեւէ ձեւով պիտի չյանգեցնէ տարածաշրջանի սահմաններու կամ աշխարհաքաղաքական դասաւորուածութեան փոփոխութեան, շինարարական աշխատանքները պիտի կատարուին հայկական ընկերութիւններու կողմէ, իսկ ամերիկեան զինուորականները պիտի չտեղակայուին այդ տարածքին մէջ», ըսած է Պաղային՝ մամլոյ ասուլիսի ընթացքին։

Միեւնոյն ժամանակ, Իրանի Արտաքին գործոց նախարարութեան ներկայացուցիչը նշած է, որ Թեհրան չի կրնար անտեսել օտար ուժերու, ներառեալ՝ Միացեալ Նահանգներու կողմէ հաւանական ապակայունացնող գործողութիւններու վտանգները։