Ատրպէյճանի վերահսկողութեան տակ գտնուող Քարվաճառի շրջանին մէջ եղանակային պայմաններու կտրուկ փոփոխութեան եւ ձնաբուքի պատճառով ատրպէյճանցի չորս զինուոր մոլորած է: Այս մասին հաղորդագրութիւն տարածած է Ատրպէյճանի պաշտպանութեան նախարարութիւնը:
Նշուած է, որ միջոցներ ձեռնարկուած են զանոնք յայտնաբերելու ուղղութեամբ, անոնցմէ մէկը՝ աւագ լեյտենանտ է, միւսը՝ կրտսեր սերժանտ եւ երկուքը՝ շարքայիններ:
Որոնողական աշխատանքներու ի արդիւնք 29 Յունուարի առաւօտեան յայտնաբերուած են կրտսեր սերժանտն ու շարքայինները: Անոնք տեղափոխուած են Քարվաճառի զինուորական հիւանդանոց։
Որոնողական աշխատանքներ կ'իրականացուին աւագ լեյտենանտի յայտնաբերման ուղղութեամբ: