Մարդ է, անցեր է։ Զինուորականները յայտնաբերած եւ ԱԱԾ-ին յանձնած են։ Կը տեսնէին՝ մարդ կու գայ, կրակէի՞ն, սպաննէի՞ն։ Ի՞նչն է խնդիրը, - ճեպազրոյցի ընթացքին յայտարարած է Փաշինեան։
Յիշեցնենք, որ Հայաստանի Հանրապետութեան Ազգային անվտանգութեան ծառայութիւնը (ԱԱԾ) յայտնած է, որ Հայաստանի տարածքին մէջ Ատրպէյճանի քաղաքացի մը յայտնաբերուած է, եւ համապատասխան քայլեր կը ձեռնարկուին զայն Ատրպէյճան վերադարձնելու ուղղութեամբ։
Սահմանահատման դէպք
Ազգային անվտանգութեան ծառայութեան հաղորդմամբ՝ 2026 թուականի Հոկտեմբեր 19-ին, ժամը 17։50-ի սահմաններուն, Հայաստանի Հանրապետութեան Տաւուշի մարզին մէջ յայտնաբերուած է Ատրպէյճանի Հանրապետութեան քաղաքացի Քասիմով Եաշար Ալի օղլուն՝ ծնած 1968-ին, Թովուզի շրջանի Չաթախ գիւղի բնակիչ։
«Իրականացուած ստուգողական միջոցառումների արդիւնքում պարզուել է, որ ԱՀ քաղաքացին ՀՀ տարածքում յայտնուել է մոլորուելու արդիւնքում:
Ձեռնարկւում են համապատասխան գործողութիւններ ԱՀ քաղաքացուն վերադարձնելու նպատակով», նշուած է հաղորդագրութեան մէջ։