image

Թեհրանի մեթրոյին մէջ՝ 1980–1988 պատերազմին զոհուած հայ զինուորներու դիմանկարներու ցուցադրութիւն (Լուսանկար)

Թեհրանի մեթրոյին մէջ՝ 1980–1988 պատերազմին զոհուած հայ զինուորներու դիմանկարներու ցուցադրութիւն (Լուսանկար)

Թեհրանի մէջ «Մարիամ-է Մողատտաս» («Օրհնեալ Կոյս Մարիամ») մեթրոյի կայարանին մէջ տեղի ունեցած է 1980-1988ի Իրան-Իրաք պատերազմին զոհուած հայ զինուորներու դիմանկարներու ցուցահանդէս։

Լուրը կը հաղորդէ «Առաջին Մերձաւորարեւելեան» թելեկրամեան ալիքը:

Իրանի մէջ կայ աւանդութիւն` ամէն տարի այցելելու Իրան-Իրաք պատերազմին զոհուած քրիստոնեայ զինուորներուն ընտանիքներուն: Սուրբ Ծննդեան նախօրէին նման այցելութիւններ կը կատարեն պետութեան բարձրաստիճան ներկայացուցիչները, նեռարեալ՝ երկրի գերագոյն առաջնորդը:

«Մարիամ-է Մողատտաս» մեթրոյի կայարանը անուանուած է Իրանի հայկական համայնքին ի պատիւ եւ դարձած է Թեհրանի մէջ անոր պատմական ներկայութեան խորհրդանիշներէն մէկը: