image

Բուքի պատճառով ատրպէյճանցի զինուորներ մոլորած են

Բուքի  պատճառով  ատրպէյճանցի  զինուորներ մոլորած են

Ատրպէյճանի վերահսկողութեան տակ գտնուող Քարվաճառի շրջանին մէջ եղանակային պայմաններու կտրուկ փոփոխութեան եւ ձնաբուքի պատճառով ատրպէյճանցի չորս զինուոր մոլորած է: Այս մասին հաղորդագրութիւն տարածած է Ատրպէյճանի պաշտպանութեան նախարարութիւնը:

Նշուած է, որ միջոցներ ձեռնարկուած  են զանոնք յայտնաբերելու ուղղութեամբ, անոնցմէ մէկը՝ աւագ լեյտենանտ է, միւսը՝ կրտսեր սերժանտ եւ երկուքը՝ շարքայիններ: 

Որոնողական աշխատանքներու ի արդիւնք 29 Յունուարի առաւօտեան յայտնաբերուած են կրտսեր սերժանտն ու շարքայինները: Անոնք տեղափոխուած են Քարվաճառի զինուորական հիւանդանոց։

Որոնողական աշխատանքներ կ'իրականացուին աւագ լեյտենանտի յայտնաբերման ուղղութեամբ: