Ինչպէս ամէն տարի այս տարի եւս Այնճարի մէջ պիտի նշուի Խաչվերացի տօնը, ուր տեղի պիտի ունենայ մատաղօրհնէք։ Այս մասին «Արեւելք» տեղեկացաւ Լիբանանի Պեքաա շրջանի հոգեւոր տեսուչի գրասենակէն, որ մասնաւորապէս կը հաղորդէ՝
Մուսա Լերան հերոսամարտի եւ Խաչվերացի տօնի աւանդական մատաղի պատրաստութեան առիթով, Շաբաթ 9 Սեպտեմբերի երեկոյեան ժամը 5:00էն սկսեալ , սրտաբուխ նուիրատուութիւններ հանգանակելու նպատակով, Ս. Պօղոս եկեղեցւոյ ներկայացուցիչներ պիտի այցելեն ժողովուրդի բնակարանները։
Իսկ անոնք որոնք կը փափաքին ոչխար նուիրել կամ նուիրատուութիւն կատարել, կրնան ներկայանալ Թաղական խորհուրդի գրասենեակ, հինգշաբթի եւ ուրբաթ 14-15 Սեպտեմբերին, երեկոյեան ժամը 5:00-8:00, ինչպէս նաեւ շաբաթ՝ 16 Սեպտեմբերին, առաւօտեան ժամը 10:00-2:00։
Կանխայայտ շնորհակալութիւն բոլոր նուիրատուներուն։
Ձեր ուխտը կատա՛ր։