Ուքրանիոյ նախագահ Վլատիմիր Զելենսքի յայտարարած է, որ Քիեւ չի ճանչնար Խրիմի եւ Մոսկուայի վերահսկողութեան տակ գտնուող ուքրանական միւս տարածքներու՝ Ռուսիոյ պատկանիլը։ Այս մասին ան ըսած է «CNN Türk»ին տուած հարցազրոյցին ընթացքին՝ Թուրքիա կատարած իր այցի ժամանակ։
Զելենսքիի խօսքով՝ Քիեւի առաջնահերթութիւնը ներկայիս շփման գիծին երկայնքով հրադադարի հաստատումն է, որմէ ետք կարելի պիտի ըլլայ քննարկել միւս հարցերը։
Ան նշած է, որ խաղաղ բանակցութիւններու օրակարգին մէջ կրնան ընդգրկուիլ ուժանիւթի ոլորտին մէջ հրադադարը, ծովուն մէջ ռազմական գործողութիւններու դադրեցումը եւ ռազմագերիներու փոխանակումը։
Զելենսքիի համաձայն՝ հնարաւոր գագաթնաժողովի գլխաւոր նպատակը պէտք է ըլլայ ամբողջական եւ անվերապահ հրադադարի հաստատումը, միջազգային վերահսկողութեան դրութեան մը ստեղծումը եւ Ուքրանիոյ անվտանգութեան երաշխիքներու տրամադրումը։
Աւելի վաղ, Ուքրանիոյ նախագահը յայտարարած էր նաեւ Թուրքիոյ տարածքին Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինի հետ հանդիպելու իր պատրաստակամութեան մասին։