Alpha Newsroom-ի ուղիղ եթերին ռուս փորձագէտ Սերգէյ Քառնաուխովը մեկնաբանած է Ատրպէյճանի կողմէ Արցախի շրջափակման պատճառները:
«Ինծի համար այս իրավիճակը անձնական հարց է։ Այն կ'ազդէ վրաս այն պատճառով, որ այնտեղ երեխաներ եւ ծերեր կը տառապին, կը տառապին` բառիս ուղիղ իմաստով: Մենք կը տեսնենք Ատրպէյճանի կողմէ ցեղասպանական գործողութիւններ։ Մենք կը տեսնենք, որ Ատրպէյճանը կ'օգտուի վերջին տարիներուն համաշխարհային աշխարհակարգին մէջ գոյացած ճեղքերէն։ Այդ մութ կէտերու խնդիրն այն է, որ միջազգային իրաւունքը չաշխատիր, ոչ մէկ հիմնարկ, ոչ մի պայմանաւորուածութիւն կը գործէ, այլ կ'աշխատի բացառապէս ուժեղի իրաւունքը։
Ուժեղի այս իրաւունքի ծիրէն ներս, երբ կը բացակայի այս կամ այն բեւեռը, որ կրնայ կարգուկանոն հաստատել տարածաշրջանին մէջ, մնացած բոլորը, կը ներէք զիս, շնագայլերու նման, կը վերցնեն ամէնը։ Ատրպէյճանը շատ լաւ հաշուարկած է ամէն ինչ, անոնք ուշադիր կարդացած են այն փաստաթուղթերը, որոնք կը ձեւակերպեն մեր խաղաղապահ առաքելութեան եւ այլ խաղաղապահ առաքելութիւններու իրաւական կարգավիճակը։ Անոնք իրենց համար շատ լաւ հասկցան, որ մեր ռուս խաղաղապահները, որոնք այսօր կանգնած են այնտեղ, չունին այդ դժբախտ բնապահպանները ցրելու իրաւասութիւնը։ Այդ բնապահպաններու քօղին տակ փաստացի հանդէս կու գան Ատրպէյճանի յատուկ ծառայութիւնները եւ այդ յատուկ ծառայութիւններու վարձած սադրիչները։ Եւ անոնք կ'օգտուին անկէ, իրական ցեղասպանութիւն կ'իրականացնեն, երկակի շրջափակում ըրած են, սա հայ ժողովուրդի ամենաիսկական ցեղասպանութիւնն է։ Բայց, միեւնոյն ժամանակ, չկան մեխանիզմներ, որ ցրեն անոնց, հեռացնեն այնտեղէն»,- նշած է Քառնաուխովը։
Փորձագէտի խօսքով՝ երբ կը ձեւակերպէին պայմանաւորուածութիւնները եւ կ'որոշէին ռուս խաղաղապահներու մանթատը, պէտք էր այդ ամէնը նախատեսել։ Պէտք էր հասկնալ, այդ շարքին ՝ ռուսական կողմը, որ Ատրպէյճանը պիտի գործէ լկտի, անսկզբունքային, յարձակողական, նաեւ ՝ պիտի փորձէ ցեղասպանութիւն կազմակերպել։
«Բայց, ցաւօք, մանթատը դուրս գրած են այնպէս, որ մենք ստեղծուած իրավիճակը լուծելու ոչ մէկ հնարաւորութիւն ունինք», — ընդգծած է Քառնաուխովը: