Թուրքիան յոյս ունի, որ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ հնարաւորինս շուտ պիտի հաստատուի համապարփակ եւ կայուն խաղաղութիւն։ Այս մասին յայտարարած է Թուրքիոյ պաշտպանութեան նախարար Եաշար Կիւլերը։
Կիւլերը, անդրադառնալով Հայաստան-Ատրպէյճան խաղաղութեան գործընթացին, նշած է, որ գոհունակութեամբ կ՚ընդունին անցեալ տարի Ուաշինկթընի մէջ ձեռք բերուած նախաստորագրումը եւ վերջերս խաղաղութեան հաստատման ուղղութեամբ ձեռնարկուած դրական քայլերը։
Անոր խօսքով՝ Թուրքիան կ՚աջակցի հայ-ատրպէյճանական խաղաղութեան գործընթացը աւարտին հասցնելու ջանքերուն՝ տարածաշրջանային կայունութիւնն ամրապնդելու եւ տարածաշրջանի ժողովուրդներու խաղաղութեան ու բարգաւաճմանն աջակցելու նպատակով։
«Կովկասին այժմ անհրաժեշտ են վստահութիւն, համագործակցութիւն, զարգացում եւ բարգաւաճում, ոչ թէ հակամարտութիւն։ Մենք կը կարծենք, որ Թուրքիոյ եւ Ատրպէյճանի միջեւ ամուր համերաշխութիւնը այս նոր դարաշրջանի կարեւորագոյն երաշխիքներէն մէկն է»,-ըսած է Կիւլերը։