image

Ատրպէյճանը վնաuազերծած է երկիր ապoրինի թափանցած իրանեան ԱԹՍ-ներ

Ատրպէյճանը վնաuազերծած է երկիր ապoրինի թափանցած իրանեան ԱԹՍ-ներ

Ատրպէյճանի սահմանապահ զօրքերու «Հորատիզ» եւ «Կիոյթեփէ» սահմանապահ պահակէտերու ծառայողական տարածքներուն մէջ կանխուած է Իրանէն Ատրպէյճան ընդհանուր առմամբ 22 քկ. 900 կր. թմրամիջոցներու փոխադրում, յայտնած են ատրպէյճանական լրատուամիջոցները՝ յղում ընելով Ատրպէյճանի պետական սահմանապահ ծառայութեան:

Իրականացուած համալիր միջոցառումներու շնորհիւ յայտնաբերուած են եւ վնասազերծուած երկրի օդային տարածք ապօրինի թափանցած անօդաչու թռչող սարքեր։

Դէպքի վայրերու զննութեան ընթացքին «Հորատիզ» սահմանապահ պահակէտի ծառայողական տարածքին մէջ առգրաւուած է 15 քկ. 400 կր. թմրամիջոց, «Կիոյթեփէ» պահակէտի ծառայողական տարածքին՝ 7 քկ. 500 կր.։