Ատրպէյճանի պետական սահմանային ծառայութիւնը ժամանակաւորապէս փակած է Հայաստանը Արցախին կապող միակ ճանապարհի՝ Լաչինի միջանցքի սկզբնամասը՝ Հակարի գետի կամուրջի վրայ ապօրինաբար տեղադրուած անցակէտը՝ պատճառաբանելով, թէ իբր «սահմանային անցակէտով Կարմիր խաչի միջազգային կոմիտէին պատկանող մեքենաներով տարբեր տեսակի մաքսանենգ ապրանքներ տեղափոխելու բազմակի փորձեր բացայայտուած են»։
Ըստ ատրպէյճանական կողմի՝ «Կարմիր խաչի միջազգային կոմիտէի մեքենաներուն մէջ յայտնաբերուած են չյայտարարագրուած բջիջային հեռախօսներ, ծխախոտ, պենզին եւ այլ իրեր»:
Վերոնշեալ փաստերու առթիւ յարուցուած է քրէական գործ, եւ մինչեւ անհրաժեշտ քննչական միջոցառումներու աւարտը այս անցակէտով երթեւեկութիւնը ժամանակաւորապէս կասեցուած է։
Յիշեցնենք, որ ատրպէյճանական կողմը 22 յունիսին դիմած էր հերթական սադրանքին ու յանցաւոր գործողութեան՝ պեթոնէ արգելապատնէշով փակելով Արցախ-Հայաստան միակ ճանապարհը (Լաչինի միջանցքը):