Յունիս 20-ին՝ ժամը 08:00-09:00-ն ինկած ժամանակահատուածին, Ատրպէյճանի Զինուած ուժերու ստորաբաժանումները կրակած են Սիւնիքի մարզի Ներքին Հանդ բնակավայրի ուղղութեամբ, որու հետեւանքով վնասուած է բնակելի տուն։
Այս մասին յայտնած է պաշտպանութեան նախարարութիւնն ընդգծելով, որ տուժածներ չկան:
Հայաստանի պաշտպանական գերատեսչութիւնն ատրպէյճանական կողմին կոչ ըրած է հետաքննելու Ներքին Հանդի բնակելի տան գնդակոծման փաստը եւ հանդէս գալու հրապարակային պարզաբանումներով։
Տեւական ժամանակ է պաշտպանութեան նախարարութիւնը հրադադարի խախտման մասին չէր հաղորդեր։ Ատրպէյճանը Հայաստանի ուղղութեամբ կրակ բացած է այն օրը, երբ Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը մեկնած է Թուրքիա։