Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարար Ճէյհուն Պայրամով յայտարարած է, թէ Հայաստանի հասարակութիւնը պէտք է գիտակցի խաղաղութեան կարեւորութիւնը երկու ժողովուրդներու համար։
Հոլանտայի արտաքին գործոց նախարար Թոմ Պերենտսընի հետ համատեղ մամլոյ ասուլիսի ընթացքին Պայրամով ըսած է. «Ատրպէյճան Ուաշինկթընի մէջ կայացած պատմական գագաթնաժողովին ցուցադրած է իր բարի կամքը։ Մեր երկիրը նաեւ միակողմանի քայլեր կը ձեռնարկէ, որ բոլորը տեսնեն խաղաղութեան գործընթացին իրական արդիւնքները։ Սակայն Հայաստանի մէջ ներքին խնդիրներ կան։ Մենք կը հետեւինք գործընթացին։ Հայաստանի հասարակութիւնը պէտք է ընդունի եւ հասկնայ, որ խաղաղութիւնը կարեւոր հարց է թէ՛ իրենց, թէ՛ ատրպէյճանական հասարակութեան համար։
Ի վերջոյ, այս գործընթացը կը բխի երկու կողմերու շահերէն, այդ պատճառով ալ մենք կը քննարկենք այս բանակցութիւնները վարելու կարելիութիւնը։
Ամէն անգամ, երբ Հայաստանի մէջ սահմանադրական փոփոխութիւններ կատարուին, ատրպէյճանական կողմը պատրաստ է վերջ տալու այս հարցին։ Սակայն պէտք է սպասենք արդիւնքին», ըսած է Պայրամով։