Ատրպէյճան լայնածաւալ շինարարական աշխատանքներ կ'իրականացնէ պատերազմի հետեւանքով իր վերահսկողութեան տակ անցած տարածքներուն մէջ։
44-օրեայ պատերազմէն ամիսներ անց Ատրպէյճանն սկսած է Արցախի` իր վերահսկողութեան տակ անցած տարածքներուն մէջ տարբեր ենթակառուցուածքներ ստեղծել, որոնց շինարարութիւնը մինչ օրս կ'ընթանայ։ Անոնց մէկ մասը տեսանելի է նոյնիսկ հայկական կողմէն՝ Արցախ մեկնելու ճանապարհին։
«Sputnik Արմենիա»ն, օգտուելով արբանեակային լուսանկարներէ, ատրպէյճանական ու թրքական մամուլի հրապարակումներէ եւ այլ բաց աղբիւրներէ, ուսումնասիրած է իրականացուող աշխատանքները։ Գործակալութեան յայտնի դարձած տուեալներուն համաձայն, այս պահուն կը նախատեսուի եւ կ'իրականացուի առնուազն 35 փապուղիի (թիւնէլ), 10 մեքենաներու ճանապարհի ու 2 երկաթուղիի կառուցում։ Կը վերանորոգուին նաեւ նախապէս առկայ ճանապարհներ ու երկաթուղի։
Թուարկուած ենթակառուցուածքի շինարարական աշխատանքները կ'ընթանան իրար զուգահեռ ու մեծ թափով։ Անոնք հիմնական նպատակ ունին տարածքները իրար ու Ատրպէյճանի շրջաններուն կապել։
Ենթակառուցուածքներու շինարարութեամբ կը զբաղին հիմնական թրքական ընկերութիւններ։
Ատրպէյճանը երկու՝ իրար զուգահեռ, ճանապարհ կը կառուցէ դէպի Շուշի: Առաջինը, ինչպէս ատրպէյճանցիներն այն կոչած են, «Յաղթանակի ճանապարհ»ն է, որ կը սկսի հարաւային Ահմետպէյլի բնակավայրէն, ապա կը բարձրանայ դէպի Վարանդա (Ֆիզուլի) ու կը հասնի Շուշի։
Նոյն երթուղիով՝ Ահմետպէյլի բնակավայրէն երկրորդ ճանապարհ կը կառուցուի։ Թէպէտ սա աւելի կարճ է զուգահեռ գացող ճանապարհէն, սակայն աւելի լայն է։
Նոյն Ահմետպէյլի բնակավայրէն դէպի հարաւ-արեւմուտք կը կառուցուի ճանապարհ մինչեւ Աղպանտ բնակավայր, որ կ'անցնի Հորատիզով։ Այս ճանապարհն է, որ ատրպէյճանական կողմի ներկայացմամբ, շարունակուելով հայ-իրանական սահմանի երկայնքով, պէտք է միանայ Նախիջեւանին, այդպիսով դառնալով «միջանցք»։ Ճանապարհը կը նախատեսուի շահագործման յանձնել 2024-25 թուականներուն։
Ինչ կը վերաբերի փապուղիներու կառուցմն, այս պահուն յայտարարուած է 35 փապուղիի մասին, որոնցմէ առնուազն 17-ի աշխատանքներն արդէն սկսած են։
Փապուղիներէն ամենաերկարը եւ ամենաարդարացուածը ~12 քիլոմեթրանոց Մռաւի փապուղին է՝ Թողանալը-Քարվաճառ-Ջերմաջուր ճանապարհի վրայ:
Ատրպէյճանական կողմը յայտարարած է 11 փապուղիի կառուցման մասին Քարվաճառ - Բերձոր դեռ անպատրաստ ճանապարհի վրայ, անոնցմէ 4-ի աշխատանքներն արդէն սկսած են։
7 փապուղի կը կառուցուի Ահմետպէյլի-Վարանդա-Շուշի ճանապարհին։ Անոնցմէ մէկը տեսանելի է նոյնիսկ Լաչինի միջանցքով Ստեփանակերտ երթալու ճանապրհին։ Եւս 3 փապուղի կը կառուցուի հարաւը՝ Հորատիզ-Աղբանդ ճանապարհի վրայ։