Միացեալ Նահանգներու քոնկրէսական Ատամ Շիֆ կը պատրաստուի նամակ գրել ԱՄՆ-ի նախագահ Ճօ Պայտընին Արցախի մէջ օրէ օր աւելցող մարդասիրական ճգնաժամը լուծելու հարցով։ Տեղեկութիւնը դիմատետրեան իր էջով յայտնած է ԱՄՆ–ի մէջ հայ համայնքի ներկայացուցիչ Դաւիթ Մնացականեան։
Ան իր տեսաուղերձով ներկայացուցած է Ատամ Շիֆի եւ հայ համայնքի ներկայացուցիչներու հանդիպման մանրամասնութիւնները` նշելով, որ քոնկրէսականը պատրաստակամութիւն յայտնած է շարունակելու իր ներգրաւուածութիւնը հայերուն օգնելու հարցով։
«Քննարկուած է սնունդը թէ՛ օդային, թէ՛ ցամաքային ճանապարհով հնարաւորինս արագ Արցախ հասցնելու հարցը»,– նշած է Մնացականեան։
Յիշենք, որ ամերիկահայերը քանի մը օր շարունակ անհնազանդութեան խաղաղ հաւաք կ'իրականացնեն ի աջակցութիւն Արցախի: Անոնք փողոցներ փակած են, ինչպէս նաեւ նստացոյց ըրած Շիֆի գրասենեակին մօտ` կոչ ընելով, որ ան մեկնի Հայաստան` Կոռնիձոր, այնուհետեւ երթայ նաեւ Լաչինի միջանցք` տեղւոյն վրայ ծանօթանալու իրավիճակին։
11 օգոստոսին յայտնի դարձաւ, որ Շիֆ համաձայնած է հանդիպիլ բողոքի հաւաք ընող ամերիկահայերուն հետ։
Յիշեցնենք` որ 26 յուլիսին առաջին անհրաժեշտութեան շուրջ 400 թոն ապրանքով բեռնուած 19 բեռնատար Երեւանէն ուղեւորուեցան շրջափակման մէջ գտնուող Արցախ։ Բեռնատարները հասած են Սիւնիքի Կոռնիձոր համայնք եւ մինչեւ օրս կանգնած են Լաչինի միջանցքի սահմանին։