Միացեալ Նահանգները, Հայաստանը եւ Ատրպէյճանը «Թրամփի ուղի»ի գործարկման նպատակով արհեստագիտական խումբ ստեղծած են։
Երեք երկիրներու ներկայացուցիչներէն բաղկացած խումբը պիտի զբաղի փոխադրական եւ ուժանիւթային ծրագիրին մանրամասնութիւններու մշակմամբ։ Այդ նպատակով պիտի կազմուին նաեւ երկու մասնագիտական ենթախումբեր՝ փոխադրութեան եւ ելեկտրական ուժանիւթի հարցերով։ Անոնց աշխատանքին նպատակն է բարդ արհեստագիտական խնդիրներուն լուծումներ գտնել եւ անցում ապահովել դէպի ծրագիրին իրականացման յաջորդ հանգրուանները, ներառեալ՝ TRIPP-ի կապակցումը տարածաշրջանային այլ ենթակառոյցներու հետ։ Այս մասին կը յայտնեն ԱՄՆ-ի արտաքին գործոց նախարարութենէն։
Նախաձեռնութեան մեկնարկը տուած են ԱՄՆ-ի արտաքին գործոց նախարարի Եւրոպայի եւ Եւրասիոյ հարցերով օգնական Պրենտըն Խանրահանը, Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի արտաքին գործոց փոխնախարարներ Վահան Կոստանեանն ու Էլնուր Մամետովը։ Մասնակիցները վերահաստատած են երթուղին կարելի եղածին չափ շուտ գործարկելու իրենց մտադրութիւնը։
Եռակողմ ձեւաչափը կը միաւորէ երեք երկիրներու քաղաքականութիւն մշակողները եւ արհեստագիտական մասնագէտները՝ տարածաշրջանային կայունութեան, տնտեսական զարգացման, հաղորդակցութիւններու փոխկապակցուածութեան եւ առեւտուրի խթանման նպատակով։ Յայտարարութեան մէջ կը շեշտուի, որ գործընթացը կը բխի 2025 թուականի Օգոստոս 8-ին նախագահ Տանըլտ Թրամփի միջնորդութեամբ ընդունուած խաղաղութեան գագաթնաժողովի հռչակագիրէն։
Կողմերը վերահաստատած են TRIPP-ի բոլոր բաղադրիչները կարելի եղածին չափ շուտ գործարկելու իրենց յանձնառութիւնը։
Հայաստանի արտաքին գործոց եւ միջազգային առեւտուրի նախարար Արարատ Միրզոյեան աւելի վաղ յայտարարած էր, որ ծրագիրին շրջածիրէն ներս շինարարական աշխատանքները կրնան սկսիլ 2027 թուականի սկիզբը։