Նոյեմբեր 22-ին՝ ժամը 10:30-ին, Ճգնաժամային կառավարման ազգային կեդրոն ահազանգ ստացուած է, որ Երեւանի Պարոյր Սեւակի թիւ 77 հասցէին վրայ գտնուող՝ Հայաստանի պետական տնտեսագիտական համալսարանի մասնաճիւղին մէջ, ուսանողներու ինքնազգացողութիւնը վատացած է․ շէնքին մէջ զգացուած է տարօրինակ հոտ: Անհրաժեշտ է փրկարարներու օգնութիւնը։
Դէպքի վայր մեկնած են ԱԻՆ Փրկարարական ծառայութեան Երեւան քաղաքի փրկարարական վարչութեան հրշէջ-փրկարարական ջոկատէն երկու մարտական հաշուարկ եւ Բնակչութեան պաշտպանութեան եւ աղէտներու վտանգի նուազեցման վարչութեան Ճառագայթային, քիմիական եւ կենսաբանական իրավիճակի վերահսկման բաժնի քիմիկ-հետախոյզներու խումբը:
Մինչ փրկարարներու կանչի վայր հասնիլը տարհանուած է մօտ 400 ուսանող եւ 35 դասախօս։