Ֆրանսայի մայրաքաղաք Փարիզը, օրերս, հիւրընկալեց «նորաձեւութեան շաբաթ»ը, ուր աշխարհի հանրածանօթ ապրանքանիշեր, յայտնի ձեւագծողներ ներկայացուցին իրենց նոր հաւաքածոները։
Միջոցառման շրջանակներուն մէջ նորաձեւութեան հայ ձեւաւորող Արմինէ Օհանեան ու հայ-ամերիկացի արուեստագէտ Տիգրան Ձիթողցեան ներկայացուցին «Հայելի» ապրանքանիշի «ինքնաարտացոլացում» խորագրով նոր հաւաքածոն։
Ցուցադրութիւնը տեղի ունեցաւ Փարիզի նշանաւոր «Փալէ տէ Թոքիօ» մշակոյթի կեդրոնին մէջ, միաւորելով բարձրորակ նորաձեւութեան եւ տեսողական արուեստի աշխարհները։ Հաւաքածոն պատրաստուած էր որպէս առանցք առնելով Ձիթողցեանի մեծածաւալ նկարները։ Այդ նկարները վերածուած էին հագուելիք ստեղծագործութիւններու՝ կեդրոնանալով ինքնութեան, ընկալման եւ ինքնաարտացոլման թեմաներուն վրայ։
Բեմահարթակին ներկայացուած հագուստները ներշնչուած էին արուեստագէտին յատկանշական դիմանկարներէն, յատկապէս այն պատկերներէն, ուր դէմքերը մասամբ ծածկուած են ձեռքերով, լոյսով եւ ստուերով։ Այս պատկերային լեզուն վերածուած էր կտորի վրայ տպագրութիւններու, կիսաթափանց շերտերու եւ քանդակային, գրեթէ ճարտարապետական ձեւերու, որոնք մանքեններու շարժման ընթացքին կը փոխուէին՝ բացայայտելու եւ ծածկելու միջեւ ստեղծելով յատուկ խաղ մը։
Ձեւագծող Արմինէ Օհանեան հաստատուած է Փարիզի մէջ, ծանօթ անուն է նորաձեւութեան աշխարհին մէջ՝ իր նորարար մօտեցումով։ Իր «Արմինէ Օհանեան Փարի ապրանքանիշի միջոցով ան կը զարգացնէ «թեքնօ-մշակոյթ» ուղղութիւնը՝ համադրելով դասական կարուձեւը արդիական արհեստագիտական միջոցներու հետ, ինչպիսին են լազերային կտրման, ջերմաձեւման եւ եռաչափ (3 տի) մշակման մեթոտները։ Հաւաքածոները յաճախ կ'արտադրուին սահմանափակ քանակութեամբ եւ աւելի կայուն արտադրական մօտեցումներով։
Օհանեան-Ձիթողցեան համագործակցութիւնը Փարիզի Նորաձեւութեան Շաբթուան մէջ դարձաւ հայ ստեղծագործ միտքի ուշագրաւ ներկայութիւն մը՝ միաժամանակ ընդգծելով նորաձեւութեան եւ ժամանակակից արուեստի փոխազդեցութեան կարելիութիւնները։