image

Սէյրան Օհանեանի նկատմամբ քրէական հետապնդում յարուցուած է․ ՔԿ

Սէյրան Օհանեանի նկատմամբ քրէական հետապնդում յարուցուած է․ ՔԿ

ՀՀ Պաշտպանութեան նախկին նախարար Սէյրան Օհանեանի կողմէ բնակարաններու յատկացման գործընթացին մէջ պաշտօնական լիազօրութիւնները չարաշահելու վերաբերեալ քրէական վարոյթի նախաքննութիւնը աւարտած է։ Այս մասին կը յայտնէ ՀՀ Քննչական կոմիտէն։

Նշուած է, որ Օհանեան 2008 թուականին ՀՀ Պաշտպանութեան նախարարութեան վարչական մարմնի ներքին անվտանգութեան բաժնի պետ Մ.Ի.-ի ընտանիքին համար, որու հետ բարեկամական կապեր ունի, յանձնաժողովին միջնորդած եւ յանձնարարած է արտահերթ կարգով Երեւանի մէջ երեք սենեակէ բաղկացած բնակարան տրամադրել։

Քննչական կոմիտէէն նշած են, որ այսպիսով էական վնաս պատճառուած է այն անձերու իրաւունքներուն եւ օրինական շահերուն, որոնք տարիներ շարունակ ընդգրկուած եւ հերթագրուած եղած են բնակարանային հաշուառման ցուցակներուն մէջ։

Օհանեանի նկատմամբ հսկող դատախազի որոշմամբ յարուցուած է հանրային քրէական հետապնդում՝ ՀՀ քրէական օրէնսգիրքի 441-րդ յօդուածի 1-ին մասով (պաշտօնատար անձի կողմէ իշխանական կամ ծառայողական լիազօրութիւնները կամ անոնցմով պայմանաւորուած ազդեցութիւնը չարաշահելը կամ լիազօրութիւնները անցնիլը)։

Քրէական վարոյթը մեղադրական եզրակացութեամբ ուղարկուած է հսկող դատախազին՝ զայն հաստատելու եւ քննութեան առնելու համար դատարան ուղարկելու միջնորդութեամբ։

 

Յիշեցնենք, որ Սէյրան Օհանեան կ՚անցնի նաեւ այլ քրէական գործերով, մասնաւորապէս՝ 2008 թուականի Մարտի 1-ի դէպքերու եւ Սեւանայ լիճի ափամերձ տարածքներուն մէջ գտնուող շինութիւններու վերաբերեալ գործերով։